Ընտանեկան հաճելի մթնոլորտ, Ս. Ծննդեան խորհուրդէն բխած խաղաղութեան, սիրոյ ու հաճութեան մաղթանքներու փոխանակում, հայկական տոհմիկ ու ժողովրդային երաժշտութիւն, ու այս բոլորին կողքին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ու Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի պատգամներով ու յորդորներով ծաղկած մթնոլորտ…
Ահա թէ ինչպիսի գլխաւոր գիծերով յատկանշուեցաւ Առաջնորդ Սրբազանին Ս. Ծննդեան աւանդական ընթրիքը, որ Ուրբաթ, 6 Յունուար 2012ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի »Բաղրամեան« սրահին մէջ, ի մի բերելով հայրենի պետութեան, հոգեւորականաց դասու, կազմակերպութեանց ու միութեանց, կրթական համակարգի, Ազգ. Վարչութեան ու հոգաբարձութեանց ներկայացուցիչները, ապա նաեւ աւելի քան 600 ազգայիններ՝ բարերարներ ու Ազգ. Առաջնորդարանի բարեկամներ, մէկ խօսքով, Ազգային Առաջնորդարանի ընտանիքի անդամներ ու հարազատներ։ Երեկոյին հիւրընկալն էր Տէր եւ Տիկին Հէրի եւ Շէրիլ Նաճարեան բարերար ամոլը։
Առաջնորդ Սրբազանին հրաւէրով, Կրօնական Ժողովին ու Ազգային Վարչութեան նախաձեռնութեամբ ու Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին կազմակերպութեամբ ընթրիքի երեկոն սկսաւ երեկոյեան ժամը 8ին, երբ Առաջնորդ Սրբազանին գլխաւորութեամբ, հոգեւորականաց դասու անդամները սրահ մտան Ս. Ծննդեան նուիրուած շարականներով ու հոգեւոր երգերով։ Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեան ընթերցեց Յիսուսի Ս. Ծննդեան Աւետարանը, որուն հետեւեցան Թաթախի արարողութիւնը եւ Առաջնորդ Սրբազանին կողմէ սեղաններու օրհնութիւնը։ Այս բոլորը իրականացան խորհրդաւոր մթնոլորտի մէջ, նկատի ունենալով, որ սրահին լոյսերը մեղմացած էին, ու բոլորը ի ձեռին ունէին վառած մոմեր։
Պաշտօնական հիւրերուն շարքին էին Հայաստանի հանրապետութեան Լոս Անճելըսի գլխաւոր հիւպատոսը՝ Տիար Գրիգոր Յովհաննիսեան եւ Տիկինը, Հայաստանի Ազգային Ժողովի անդամ ու »Ժառանգութիւն« կուսակցութեան նախագահ Տիար Րաֆֆի Յովհաննէսեան, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ Տեարք Խաժակ Տիքիճեան եւ Վահէ Եագուպեան ու իրենց Տիկինները, Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդր. Կոմիտէի անդամներ, Հայ Դատի գրասենեակի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի, ՀՕՄի, Համազգայինի Կեդրոնական ու Շրջ. Վարչութեանց ներկայացուցիչներ, Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի անդամներ ու Տնօրէններ, մամլոյ խմբագիրներ ու աշխատակիցներ, Ազգ. Առաջնորդարանի բարերարներ ու հովանաւորներ, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու բազմութիւն մը։
ՈՂՋՈՅՆԻ ԽՕՍՔԵՐ
Հանդիսավարը՝ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Աթմաճեան, հակիրճ կերպով անդրադարձաւ տօնական օրուան խորհուրդին, յիշեցնելով, որ վերջին երկու օրերուն, մեր ժողովուրդը ապրած էր Ս. Ծննդեան խորհուրդը մարմնաւորող մթնոլորտի մէջ. Հինգշաբթի երեկոյ, մեր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցած էր Ճրագալոյցի արարողութիւնը, իսկ Ուրբաթ առաւօտուն, Ս. Ծննդեան տօնին առիթով՝ Ս. Պատարագ եւ ջրօրհնէք. այդ արարողութիւնները առիթ եղած էին տալու Յիսուս Մանուկի Ս. Ծննդեան աւետիսն ու վերաթարմանալու խաղաղութեան, սիրոյ ու համերաշխութեան պատգամներով։ Ան նաեւ դրուատիքով արտայայտուեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի նուիրեալ աշխատանքին մասին, յիշեցնելով, որ Մարմինը ոչ միայն կարեւոր ներդրում ունեցած էր Վեհափառ Հայրապետի Հովուապետական այցելութեան օրերուն, այլ նաեւ, ինչպէս ամէն տարի՝ այս տարի եւս յանձն առած էր այս ընթրիքին կազմակերպումն ու իրականացումը։ Այնուհետեւ, ան յաջորդաբար հրաւիրեց Տ.Օ.Մարմին ատենապետուհի Տիկին Սալբի Սրուրեանն ու Ազգ. Վարչութեան ատենապետուհի Տիկին Ռիմա Պօղոսեանը, որպէսզի արտասանեն ողջոյնի խօսքեր։ Տիկին Ս. Սրուրեան իր խօսքը սկսաւ Ժագ Ս. Յակոբեանի ամանորեան մէկ բանաստեղծութեամբ ու ողջունեց ներկաները, մաղթելով բարի վայելում։ Տիկին Ռ. Պօղոսեան եւս, ողջոյնի արտայայտութեանց կողքին, գոհունակութիւն ու շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որ ընդառաջած էին ընթրիքի հրաւէրին ու իրենց ներկայութեամբ, զօրակցութիւն կը յայտնեն Ազգ. Առաջնորդարանի գործունէութեան։ Ան անդրադարձաւ Առաջնորդ Սրբազանին աշխատանքին ու առաջնորդողի դերին, վեր առաւ մեր եկեղեցւոյ, դպրոցներուն վերապահուած դերն ու մեր իրաւունքներուն համար պայքարի երթը, եւ իր խօսքը եզրափակեց ամանորեան ու Ս. Ծննդեան շնորհաւորանքի խօսքերով։
ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԲԱՐԵՄԱՂԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին բարեմաղթութեանց պատգամը։ Նորին Ս. Օծութիւնը ողջունեց ներկաները, որոնք անգամ մը եւս բոլորուած են Առաջնորդ Սրբազանին ու Թեմի ժողովականութեան շուրջ, տօնելու Ս. Ծնունդը։ Ան անդրադարձաւ Հովուապետական այցելութեան գլխաւոր առաջադրանքներուն, որոնք էին հոգեւոր կեանքի վերանորոգում, Հայ Դպրոցին զօրակցութիւն եւ մեր հաւաքական կեանքին մէջ երիտասարդներու ներգրաւում։ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, թէ այս առաջադրանքները չեն սահմանափակուած միայն հովուապետական այցելութեան հանգրուանով, այլ պէտք է վերածուին շարունակական գործընթացի ու կենսաւորեն մեր ազգային կեանքը։ Վերջապէս, Ն.Ս. Օծութիւնը Ս. Ծննդեան ու ամանորի առիթով ամենայն բարիք մաղթեց մեր Թեմի զաւակներուն ու մեր ժողովուրդին։
ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՅԱՅՏԱԳԻՐ
Հայկական համադամներով մատուցուած ճաշի պահուն, ու յայտագիրին ընթացքին՝ մէջ ընդմէջ, երգերով ու երաժշտական մատուցումներով ելոյթ ունեցան Փրոֆ. Լեւոն Աբրահամեան, Անահիտ Ներսիսեան եւ Գէորգ Չագմանեան, որոնք իրենց նպաստը բերին սրահին մէջ հայկականութեան ու արուեստի մթոլորտի ծաղկումին։ Հանդիսավար Տէր Հայրը, իր կարգին, շնորհակալութեան խօսք ուղղեց ընթրիքի սեղաններուն պատրաստութեան մէջ բաժին ունեցող ազգայիններուն ու յատկապէս Չափարեան ընտանիքին, Քիւրքճեան ու Ալեքսանեան եղբայրներուն, որոնք մատակարարած էին նուէրներն ու ըմպելիները։ Ան նաեւ գնահատանքով արտայայտուեցաւ յայտագիրին մասնակիցներուն ու երեկոն յաջողութեան հասցնողներու ներդրումին մասին։
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ
Հանդիսավարըը ապա բեմ հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը, որպէսզի ուղղէ իր պատգամը։
Առաջնորդ Սրբազանը դրուատեց Տ. Վազգէնը, որ յաջողութեամբ կատարած էր հանդիսավարի իր պարտականութիւնը, նաեւ՝ գնահատանքի խօսք ուղղեց Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին ու բոլոր գործակիցներուն, որոնք այս երեկոյ թէ աւարտած տարուան ընթացքին, կարեւոր դեր ու ներդրում ունեցած էին Ազգ. Առաջնորդարանի նախաձեռնած ձեռնարկներու յաջողութեան ու Վեհափառ Հայրապետի հովուապետական այցելութեան իրականացման մէջ։ Ան նաեւ ողջոյնի յատուկ խօսք ուղղեց պաշտօնական հիւրերուն՝ հայրենի ներկայացուցիչներուն ու միութեանց եւ կազմակերպութեանց անդամներուն, յատկապէս բարերարներուն ու հովանաւորներուն, որոնց նուիրաբերումն ու ներկայութիւնը բաժին ունեցան այս երեկոյի յաջողութեամբ պսակումին մէջ։
Առաջնորդ Սրբազանը կանգ առաւ Ս. Ծննդեան տօնի խորհուրդին վրայ, յիշեցնելով, որ Աստուածորդւոյն աշխարհ առաքելութիւնը արտայայտութիւն էր մարդուն հանդէպ Աստուծոյ սիրոյն ու զոհաբերումին, որոնց համար պարտինք շնորհակալ ու երախտապարտ ըլլալ Երկնաւոր Հօր. ան նախ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Վեհափառ Հայրապետին, որ անցեալ Հոկտեմբերին, մեր Թեմը պատուեց հովուապետական այցելութեամբ ու այս երեկոյ, իր պատգամով կենսաւորեց ընթրիքի այս ձեռնարկին մթնոլորտը։ Առաջնորդ Սրբազանը ընդգծեց, որ հոգեւոր կեանքի վերանորոգման, Հայ Դպրոցին զօրակցութեան ու մեր արդար իրաւունքներուն ի խնդիր պայքարի հայրապետական յորդորները շարունակաբար ներկայութիւն պիտի ըլլան մեր աշխատանքին ու հաւաքական կեանքի գործունէութեան մէջ, ինչպէս որ Հայ Մանուկին հանդէպ հոգածութեան յորդորը պիտի չսահմանափակուի 2011ով, այլ նմանապէս պիտի ըլլայ հետեւողական գործընթացի ուղեցոյց։ Ան նշեց, որ 2012 տարին նուիրելով Հայ Գիրքին, Վեհափառ Հայրապետը այլապէս կարեւոր թելադրանք մը ուղղած է բոլորիս, որպէսզի Հայ Գիրքը ըլլայ մեր ժողովուրդին ու յատկապէս նորահաս սերունդի հոգածութեան առարկան, մեր կեանքերը հայկականութեամբ լիցքաւորող կամուրջ։
Իր խօսքի յաջորդ բաժինով, Առաջնորդ Սրբազանը վեր առաւ Ս. Ծննդեան տօնի նուիրաբերումի խորհուրդը, որ արտայայտութիւն կը գտնէ Ազգ. Առաջնորդարանի բարերարներուն մեր ժողովուրդին նուիրաբերումներով։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր բարերարներուն ու նուիրատուներուն, որոնք, հակառակ տնտեսական ծանօթ պայմաններուն, ամբողջական պատրաստակամութեամբ ու յօժարակամ մասնակից եղան հովուապետական այցելութեան եւ Ս. Ծննդեան այս ընթրիքի գանձանակին մէջ իրենց լուման ձգեցին։ Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ »թէեւ անցեալ ամիսներուն յաճախ առիթներ եղան երախտագիտութիւն, գնահատանք ու շնորհակալութիւն արտայայտելու մեր Թեմի զաւակներուն, որոնք Վեհափառ Հայրապետի այցելութիւնը յաջողութեամբ պսակելու մէջ ունեցան նիւթական ու բարոյական բաժիններ, սակայն այսօր, Ս. Ծննդեան տօնին նուիրուած ընթրիքի այս երեկոյին, պարտք կը զգամ անգամ մը եւս ու պաշտօնապէս գնահատանք ու շնորհակալութիւն արձանագրելու մեր բոլոր գործակիցներուն ու բարերարներուն։ Սիրելիներ, դուք գործնապէս ցոյց տուիք, որ աստուածաշնչական խօսքը՝ »աւելի երանելի է տալը, քան թէ առնելը« պատգամը կը կիրարկէք մեր հաւաքական կեանքին մէջ։ Բոլորդ ալ, այստեղ ֆիզիքապէս գտնուողներ թէ սրտով ու հոգւով մեզի հետ եղողներ տուիք սիրայօժար կերպով, տուիք ձեր վաստակէն, տուիք ձեր ժամանակէն, տուիք նաեւ ձեր մտքի ու հոգիի փայլատակումներէն։ Դուք արժանաւոր հետեւորդները եղաք Տիրոջ նուիրաբերումի օրինակին, որովհետեւ գիտէք, թէ Աստուած Իր Միածինը աւելի քան 2000 տարի առաջ աշխարհ ղրկեց՝ ի խնդիր մարդուն փրկութեան զոհաբերուելու համար։ Բեթղեհէմի համեստ մսուրին մէջ աշխարհ եկած Յիսուս Մանուկը Ի՛նք եղաւ նուիրաբերումի ու զոհաբերումի գերագոյն օրինակը, եղաւ մարմնաւորումը մարդուն հանդէպ Երկնաւոր Հօր սիրոյն ու զոհաբերումին։ Եւ ես կասկած չունիմ, որ այս ոգին, այս պատրաստակամութիւնը ձեր մէջ արմատաւորուած պիտի մնայ նաեւ վաղը, որովհետեւ դուք ալ քաջ գիտէք, որ մեր ազգային հաւաքական կեանքը, մեր եկեղեցիները, մեր դպրոցները, մեր Դատը, հայկական մեր կեանքը մարմնաւորող բոլոր կազմակերպութիւններն ու միութիւնները, նոյնինքն մեր հայրենիքը չեն կրնար ապրիլ, գոյատեւել ու զարգացում արձանագրել առանց նուիրաբերումի, առանց զոհողութեան, որքան ալ որ այլասեռող ըլլան նիւթականացած աշխարհի ազդեցութիւնները«։
»Մեր ազգային կեանքը, մեր հաւաքական աշխատանքները չեն կրնար հեզասահ կերպով յառաջ ընթանալ, եթէ չգործենք միասնաբար, ձեռք ձեռքի տուած, նուիրումով ու ընդհանրական շահերը գերադաս նկատելով։ Այս մօտեցումով ալ պիտի կերտենք մեր յառաջիկայ աշխատանքները, ինչպէս ըրինք անցեալ տարիներուն, նոր աւարտող տարուան ընթացքին«, ընդգծեց Առաջնորդ Սրբազանը ու շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղեց Տէր եւ Տիկին Հրայր եւ Շէրիլ Նաճարեան բարերար ամոլին, որ ոչ միայն Վեհափառ Հայրապետի հովուապետական այցելութեան գլխաւոր հովանաւորն էր, այլ նաեւ հիւրընկալը՝ այս երեկոյեան Ս. Ծննդեան ընթրիքին. անոնք ֆիզիքապէս մեզի հետ չեն այսօր, որովհետեւ երկրէն դուրս կը գտնուին, սակայն կը փոխանցեն իրենց ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները։ Առաջնորդ Սրբազանը անգամ մը եւս շնորհակալութեան խօսք ուղղեց հովուապետական այցելութեան առիթով նուիրաբերողներուն, ինչպէս նաեւ սոյն երեկոյի հովանաւորներուն ու նուիրատուներուն, յատուկ կերպով յիշատակելով Տէր Եւ Տիկին Փրոֆ. Յարութ Պարսամեանը, Բարեշ. Մարք Սրկ. Շիրինն ու Տիկինը, Տիկին Սիլվա Չագմագեանը, Տիկին Թինա Գարոլանն ու Գարոլան Հիմնարկութիւնը, Տէր եւ Տիկին Օսկօ Կիրակոսեանը, Տիար Հէնք Դուրեանն ու անոր հաստատութիւնը, Տէր եւ Տիկին Յարութ Չափարեանն ու ընտանիքը, Տէր եւ Տիկին Վահէ Եագուպեանը, Տիկին Աշխէն Փիլաւճեանը, Տէր եւ Տիկին Վարանդ Մելքոնեանը, Տէր եւ Տիկին Վահան Պզտիկեանը, Հաննա եւ Օհանեան ընտանիքիները, »Ֆորէսթ Լօն« հիմնարկութիւնն ու Կլենտէյլի »Memorial« հիւանդանոցը, եւ բոլոր անոնք, որոնք նիւթապէս ու բարոյապէս մասնակից եղան ընթրիքի այս երեկոյին յաջողութեան։ Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութեան խօսք ուղղեց նաեւ բոլոր ներկաներուն, որոնք անգամ մը եւս խուռներամ ներկայութեամբ շէնցուցին սրահը։ Ան յիշեցուց, որ հովուապետական այցելութեան առիթով կատարուած նուիրատուութեանց շնորհիւ, վերջերս մեր վարժարաններուն կատարուցաւ 800 հազար տոլարի բացառիկ յատկացում մը, ինչպէս նաեւ նուիրատուութեանց մէկ բաժինով Ազգ. Առաջնորդարանի յարկին տակ հաստատուեցաւ հիմնադրամ մը, որ նմանապէս պիտի յատկացուի մեր վարժարաններու կարիքներուն հոգացման։ Ան կոչ ուղղեց հոգածու մօտեցում ունենալու այս հիմնադրամին նկատմամբ ու նպաստելու անոր ուռճացման։
Խօսելով Ազգ. Առաջնորդարանի 2011 տարին կազմաւորած իրագործումներուն մասին, Առաջնորդ Սրբազանը յատկապէս յիշատակեց Վեհափառ Հայրապետին հովուապետական այցելութիւնը, երբ Նորին Ս. Օծութիւնը եղաւ մեր գրեթէ բոլոր ծխական շրջաններուն մէջ, եղաւ երիտասարդներուն ու աշակերտներուն հետ եւ Առաջնորդարանի տարեգրութեանց մէջ թողուց անջնջելի հետք։ Ան անդրադարձաւ նաեւ հոգեւորականաց դասուն մէջ ձեռնադրեալ նոր քահանայ հօր մը յաւելումին, յանձինն Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Գիրազեանի, որ այժմ հոգեւոր հովիւն է Քրեսենթա Հովիտի մեր եկեղեցւոյ, իսկ Քանատայէն մեր Թեմը տեղափոխուած Բարեշ. Խաչիկ Սրկ. Շաննագեան վերջերս ամբողջացուցած է իր համալսարանական ուսումնառութեան շրջանը, արժանացած է Աստուածաբանութեան Մագիստրոսի (Master in Divinity) վկայականին եւ յառաջիկայ տարուան ընթացքին պիտի ձեռնադրուի քահանայ ու միանայ հոգեւորականաց դասուն։ Հոգեւորականներու թիւին յաւելումը, ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը, պահանջի մը արդիւնքն է ու Ազգ. Առաջնորդարանը աշխատանք կը տանի գոհացնելու մեր ժողովուրդի ու ծխական շրջաններու կարիքները։
Իր խօսքին վերջին բաժինով, Առաջնորդ Սրբազանը կանգ առաւ հայութեան կեանքին մէջ Ս. Ծննդեան խորհուրդներուն ներկայութեան ու անհրաժեշտութեան։ Ան շեշտեց, որ սէրը, խաղաղութիւնն ու համերաշխութիւնը հրամայականներ են ոչ միայն աշխարհին ու մարդկութեան, այլ նաեւ մեր ժողովուրդին համար։ »Ս. Ծննդեան խորհուրդը կը մարմնաւորուի նաեւ համերաշխութեամբ ու բարի գործակցութեամբ, շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը եւ շարունակեց. Խաղաղութեան ու սիրոյ չափ՝ մարդկութիւնն ու աշխարհ պէտք ունին համերաշխութեան։ Մենք՝ հայերս, քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն ընդունող առաջին ժողովուրդս եւս, այսօր եւ միշտ պէտք ունինք համերաշխութեան, որպէսզի մեր անհատական ու հաւաքական ընտանիքները, մեր հայրենիքն ու ամբողջ ազգը նոր հորիզոններ կերտեն հանդուրժողութեան ոգիով, բարիք բաշխելով ու բարիքին բաժնեկցութեամբ։ Համերաշխութեան ու հանդուրժողութեան կամքը հիմն է ամէն տեսակ յառաջդիմութեան, մանաւանդ որ ունինք անկատար տենչեր, իրագործման սպասող իրաւունքներ։ Եւ իսկապէս, սիրելիներ, բոլորս ալ վստահաբար կը տեսնենք, որ մեր իրաւունքներուն երթը դէպի յառաջ կþընթանայ քայլ առ քայլ, հոգ չէ թէ այդ քայլերը կը թուին ըլլալ անբաւարար, չեն գոհացներ մեր ազգային ու հայրենական տենչերը։ Այս բոլորով հանդերձ, չենք կրնար նաեւ արհամարհել մեր իրագործումները՝ Հայ Դատի ճանաչման ճամբուն առնուած քայլերը, այստեղ, Եւրոպայի մէջ թէ այլուր։
»Օ՛ն ուրեմն, սիրելիներ, եկէք, բարի տրամադրութիւններով, Ս. Ծննդեան պատգամներուն ամբողջական ու լիարժէք իմաստով տոգորուած կերտենք 2012 տարին, եւ երբ այս օրերուն զիրար շնորհաւորենք ամանորի ու Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, թող մեր մաղթանքները ծնին խաղաղութեան, սիրոյ, հաճութեան ու համերաշխութեան տրամադրութիւններէ, եւ թող մեզմէ իւրաքանչիւրին սիրտը ըլլայ մնայուն մսուր մը, ուր բնակի Յիսուս Մանուկը։
»Թող Մանուկ Յիսուսի սէրը ըլլայ մեր կեանքի օրէնքը,
»Իր խաղաղութիւնը՝ մեր առաքելութեան պատգամը,
»եւ Իր թագաւորութիւնն ու կամքը՝ մեր երջանկութեան աղբիւրը«, եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը, բոլորին մաղթելով բարի տարի մը։
Երեկոն իր լրումին հասաւ ժամը 10:45ին, Առաջնորդ Սրբազանին »Պահպանիչ«ով. ներկաները միասնաբար երգեցին »Կիլիկիա«ն ու Հայրապետական Մաղթանքը, ապա պահ մը եւս մնացին սրահին մէջ, շնորհաւորութիւններ ու բարեմաղթութիւններ փոխանակելով։