Աշակերտական Հաւաք՝ Մոնթեպելլոյի Նահատակաց Յուշարձանին Առջեւ

Հաւատարիմ մնալով վերջին տարիներուն հաստատուած ազնիւ աւանդութեան, եւ մեր սրբադասեալ նահատակներուն կտակին հանդէպ յանձնառութիւնն ու ուխտը վերանորոգելու կամքով, Ուրբաթ, 6 Ապրիլ 2018-ի կէսօրին, Լոս Անճելըսի շրջանի հայկական վարժարաններէ աւելի քան 1.200 աշակերտներ համախմբուեցան Մոնթեպելլոյի Նահատակաց յուշարձանին շուրջ, հաղորդակից դառնալու նահատակներու պատգամին եւ գեղարուեստական յայտագիրով մը իրենց յարգանքը մատուցելու անոնց յիշատակին։

Հաւաքին մասնակցեցան հայկական 11 վարժարաններէ աշակերտներ, առաջնորդութեամբ իրենց տնօրէններուն ու դաստիարակներուն։ Նշենք, որ Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ քայլարշաւով մը հասած էին յուշարձան։ Ներկայ էին Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի հոգեւոր տեսուչ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան, Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետ. եկեղեցիներէ հոգեւորականներ։ Բացման աղօթքը կատարեց Հայր Միւռոն, հոգեւորականները երգեցին «Հայր Մեր»ը, նահատակաց նուիրուած շարականը եւ արտասանեցին յատուկ աղօթքը, ապա նաեւ երգեցին «Տէ՛ր, Ողորմեա՛»ն։

Հաւաքի բացման խօսք արտասանեց Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Տիար Դաւիթ Ղուկասեան, հակիրճ պատգամ մը ուղղեց Հայր Միւռոն։ Հայր Սուրբն ու տնօրէնը ընդգծեցին, որ այս հաւաքը աշակերտական յարգանքի արտայայտութիւն մըն է մեր նահատակներուն հանդէպ ու յորդորեցին աշակերտները, որ հաւատարիմ մնան հաւատքի ու ազգային ինքնութեան համար իրենց գերագոյնը զոհաբերած մեր նահատակներու պատգամին, տէր կանգնին մեր իրաւուքներուն, պահպանեն հաւատքն ու մեր ազգային մշակոյթը, դառնան Հայ Դատի զինուորներ։

Խօսք առին ու երգերով հանդէս եկան աշակերտներ։ Պաշտօնական յայտագիրի աւարտին, բոլոր աշակերտները ծաղիկներ զետեղեցին յուշարձանին առջեւ։ Այնուհետեւ, ծանօթ երգիչ Քրիստափոր Արապեան, ընկերակցութեամբ Կրէկ Հօշարեանի ու նուագախումբին, ներկայացուց հայրենասիրական երգերու փունջ մը։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022