Անցնող շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցան շարք մը համայնքային ձեռնակներ։ Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ներկայ եղան Թեմիս հոգեւորականաց դասու անդամներ։
Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէին եւ գործակցութեամբ Նորթրիճի Նահանգային Համալսարանի հայագիտական բաժանմունքին, Շաբաթ, 5 եւ Կիրակի 6 Մայիսին, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած գիտաժողով մը տեղի ունեցաւ «Հայկական Պետականութեան Վերականգնում՝ Իրագործումներ եւ Մտածումներ» խորագիրով։ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան ներկայ եղաւ գիտաժողովին։
Շաբաթ, 5 Մայիսի երեկոյեան, հովանաւորութեամբ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէին, Փասատինայի Նազովրեցի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Սայաթ Նովա» երգչախումբի տարեկան համերգը՝ նուիրուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին։ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան ներկայ եղաւ համերգին։
Իսկ Կիրակի, 6 Մայիսի երեկոյեան, հովանաւորութեամբ Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հիւպատոսութեան եւ կազմակերպութեամբ Հայ-Ամերիկեան Թատերական եւ Երաժշկատական Ընկերակցութեան, Փասատինայի »Ambassador« սրահին մէջ տեղի ունեցաւ համերգ մը «Հայոց Ձայներ» խորագիրով։ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան ներկայ եղաւ համերգին։
Իսկ, Չորեքշաբթի, 9 Մայիսի երեկոյեան, կազմակերպութեամբ Պոլսահայ Միութեան, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած կլոր սեղան մը տեղի ունեցաւ «Ազգի Ներկան ու Ապագան» խորագիրով։ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին։ Կլոր սեղանի քննարկման մասնակիցներն էին՝ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան, Տեարք Գրիգոր Խոտանեան, Արիս Նալճի, Յարութ Սասունեան եւ Զարեհ Սինանեան, իսկ զրուցավարը՝ Էտվին Մինասեան։