Ընդառաջելով Լոս Անճելըս գաւառի ոստիկանապետութեան նախաձեռնած՝ հոգեւոր ծառայութիւն մատուցողներու ժողովի հրաւէրին, յանուն Ազգային Առաջնորդարանին՝ բարեշնորհ Րաֆֆի Սրկ. Կարապետեան Երեքշաբթի, 22 Մայիս 2018-ին ներկայ եղաւ Լոս Անճելըսի քաղաքամէջի «Թուին Թաուըրզ» արգելարանին մէջ կազմակերպուած հանդիպումին։ Ներկաները խորհրդակցութիւն ունեցան բանտարկեալներուն հոգեւոր մատակարարութեան վերաբերող հարցերու շուրջ։
Րաֆֆի Սարկաւագ, յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, շնորհակալութիւն յայտնեց ոստիկանապետի գրասենեակի պատասխանատուներուն, որոնք կարելիութիւնը ընձեռած են շրջանի հայ բանտարկեալներուն կանոնաւորապէս հոգեւոր մատակարարութիւն տրամադրելու։ Ծանօթ է, որ քահանայ հայրեր եւ մեր եկեղեցւոյ ծառայողներ կանոնաւոր հերթականութեամբ կ’այցելեն բանտերը եւ հանդիպումներ կ’ունենան հայ բանտարկեալներու հետ։