Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Վարժարանը Տօնեց Իր Հիմնադրութեան 45րդ Տարեդարձը


Ազգ. Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Վարժարանի մեծ ընտանիքը Ուրբաթ, 13 Մարտ 2015ի երեկոյեան, Հոլիվուտի “Տաղլեան” սրահին մէջ շքեղ հանդիսութեամբ մը տօնեց վարժարանի հիմնադրութեան 45-ամեակը, մասնակցութեամբ ներկայացուցչական դէմքերու եւ երախտաւորներու:

Ձեռնարկը կը վայելէր Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը։ Ներկայ էին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան, Ազգային Վարչութեան, Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի, միութենական եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, վարժարանի հիմնադիր սերունդի ներկայացուցիչներ, նախկին տնօրէններ, բարերարներ, ծնողներ եւ աւելի քան 500 հանդիսականներ: Երեկոյին հիւրընկալն էր Տէր եւ Տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեան բարերար ամոլը, որ մաս կը կազմէ վարժարանի ծնողական ընտանիքին:

Վարժարանին տնօրէնութիւնը ազնիւ մտածումը ունեցած էր այս առիթով պատուելու վարժարանի հիմնադիր սերունդի անդամներ եւ նախկին տնօրէններ, որոնք այս վարժարանը հիմնելով ու տարիներ շարունակ ծառայելով անոր վերելքին համար, հայ մշակոյթի բարիքները բաշխած են իրերայաջորդ սերունդներու: Անոնք արժանացան յուշանուէրներու:

Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց վարժարանի տնօրէնութիւնը, դաստիարակներն ու զօրակից մարմինները, բոլորը շնորհաւորելով այս հպարտառիթ տարեդարձին համար: Ան յատկապէս վեր առաւ դերը տեսիլք ունեցող հիմնադիր այն ազգայիններուն, որոնք աւելի քան 45 տարիներ առաջ հեռատեսութիւնը ունեցան հայութիւնը ներգրաւող այս քաղաքին մէջ հայկական ուսումնարանի մը հաստատման, իսկ յաջորդող տասնամեակներուն, տնօրէններ, դաստիարակներ եւ Հայ Դպրոցի նուիրեալներ ու բարերարներ վարժարանը առաջնորդեցին նոր զարգացումներու: Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ այսօրուան հանդիսութիւնը տօնախմբութիւնն է վարժարանին ստեղծած աւանդին, հիմնադիր նուիրեալներուն տեսիլքին, տնօրէններուն ու դաստիարակներուն նուիրումին եւ ծնողներու զոհաբերութեան, որոնց պտուղները կը կազմեն աշակերտներուն արձանագրած յաջողութիւնները: Ան բարձր գնահատեց սկսուած գործը այսօր աննահանջ կերպով շարունակողները եւ բարի երթ մաղթելով՝ ներկաները հրաւիրեց մէկ առ մէկ ծափահարելու իւրաքանչիւր երախտաւորի: Ան մաղթեց, որ հաւատքի ջահը, յոյսի լոյսն ու սիրոյ կրակը անմար մնան այս վարժարանին յարկին տակ, որպէսզի անիկա շարունակէ մնալ հայ հոգիի ամրոց մը:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022