Ազգային Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Վարժարանի 8րդ կարգի աշակերտներուն Ազգային Առաջնորդարան այցելութիւնը, Ուրբաթ, 11 Մարտ 2016ի առաւօտուն, շատ աւելին եղաւ, քան ընթացիկ ուխտագնացութիւն մը. այցելութիւնը բացառիկ ու անմոռանալի պահ մը եղաւ հիւրընկալուելու Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ եւ անձամբ ծանօթանալու մեծանուն եւ մի՛շտ կայտառ բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեանի հետ:
Աւելի քան 40 աշակերտներ, իրենց դաստիարակներուն ընկերակցութեամբ, Ազգային Առաջնորդարան ուխտի եկան՝ շաբաթ մը ետք Ուաշինկթըն իրենց այցելութեան նախօրեակին, ստանալու համար Առաջնրդ Սրբազանին օրհնութիւնն ու լսելու անոր պատգամը: Անոնք «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատրան մէջ ունեցան աղօթքի պահ մը. Առաջնորդ Սրբազանին կողքին էին Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան եւ Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան: Տէրունական աղօթքէն ու Արեւագալի շարականէն ետք, աշակերտները առաջնորդուեցան «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահ, ուր աղուոր անակնկալ մը կը սպասէր իրենց: Հոն էր բանաստեղծ, մտաւորական ու դաստիարակ Ժագ Ս. Յակոբեան, որ ընդառաջելով դաստիարակներուն նախօրօք ներկայացուցած փափաքին, Առաջնորդ Սրբազանին յատուկ հրաւէրով Ազգ. Առաջնորդարան եկած էր այս հանդիպումին համար:
Հանդիպումին առաջին բաժինը ընթացք առաւ աշակերտներուն պատրաստած գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրով: Բացման խօսք արտասանեց աշակերտուհիներէն Վիքթորիա Թօփալեան, որ խօսելով աշակերտներուն համար այս այցելութեան խորհուրդին մասին, հպարտութիւն արտայայտեց որ իրենք Հայ ազգի զաւակներ են, պարտականութիւնը ունին Մեսրոպեան ժառանգութիւնը պահպանելու, եւ ընկերներուն անունով խոստում տուաւ, որ պիտի խօսին հայերէն, պիտի երգեն հայերէն ու պիտի ապրին հայօրէն:
Յայտագիրը վարեց Արմէն Չաղլասեան, որ հրաւիրեց ընկերները նուագելու, երգելու եւ արտասանելու: Դաշնակի վրայ ներկայացուեցան երկու նուագ, խումբ մը աշակերտներ արտասանեցին Սեւակի «Երեւան դարձած իմ Էրեբունի»ն, իսկ երկու խումբ երգեցին «Գետաշէն»ը եւ «Իմ Հայրենիք» հայրենասիրական տաղերը:
Յայտագիրին երկրորդ բաժինը վստահաբար անջնջելի պիտի մնայ մասնաւորաբար աշակերտներուն յիշողութեան մէջ: Ուսուցչուհիներէն Տիկին Սօնա Մատարեան յայտնեց, որ աշակերտները վերջերս շնորհակալութեամբ նուէր ստացած են Ազգ. Առաջնորդարանին կողմէ լոյս ընծայուած՝ Ժագ Ս. Յակոբեանի բանաստեղծութիւններուն մէկ փոքր հատորը, ու պիտի ներկայացնեն անկէ իրենց սորված մէկ կտորը: Ան շեշտեց, որ Ազգ. Առաջնորդարան այս այցելութիւնը եզակի օր է, ոչ միայն Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութիւնը ստանալուն համար, այլ նաեւ անձամբ կը ծանօթանան մեծանուն բանաստեղծի մը: Աշակերտները հեղինակի բանաստեղծութիւններէն մին խմբական արտասանութեամբ ներկայացուցին, որ ներկաներուն եւ յատկապէս բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեանին մեծ յուզում պատճառեց։ Ապա, Առաջնորդ Սրբազանը ուղղեց իր պատգամը:
Ան աշակերտներու այս խումբը նկատեց բախտաւոր եւ առանձնաշնորհեալ, որովհետեւ առիթ կ’ունենան, դասագիրքերուն ճամբով իրենց ծանօթացած հեղինակներէն անդին անցնելով, ուղղակի տեսակցելու ապրող ու հայութեամբ շնչող սերունդներու բազմավաստակ դաստիարակի եւ մեծանուն բանաստեղծի մը հետ: Ան բացատրեց, որ հայկական բոլոր վարժարաններու նուէր տրուած գրքոյկը լոյս տեսած էր Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով, իսկ աշակերտներուն Ուաշինկթըն յառաջիկայ այցելութիւնը անոնց համար կրնայ առիթ ըլլալ, պետական անձնաւորութեանց հետ հանդիպումի պարագային, խօսելու մեր արդար Դատին եւ պահանջատիրութեան մասին, մանաւանդ որ հետաքրքրական զուգադիպութեամբ մը, նախորդ երեկոյեան, այս սրահին մէջ Առաջնորդարանս հիւրընկալեց Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը: Ան անդրադարձաւ նաեւ Մեծ Պահքի այս ժամանակաշրջանի խորհուրդին, որ կը թելադրէ ինքնաճանաչում եւ վերակերտում, իսկ վաղը, ըլլալով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Խոր Վիրապ մուտքի տօնը, յատուկ խորհուրդ մը կը փոխանցէ հայութեան զաւակներուն:
Առաջնորդ Սրբազանը գոհունակութիւն արտայայտեց, որ աշակերտները խոստում կու տան պահպանելու հայերէնը, ապա հրաւիրեց Ժագ Ս. Յակոբեանը, որ իր սրտի խօսքը ուղղէ: Գրակալը ծածկուեցաւ այն ծածկոցով, զոր բանաստեղծը ամիսներ առաջ նուէր բերած էր Ազգ. Առաջնորդարան եւ զոր տարիներ շարունակ գործածած էր Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, Ս. Գրոց սերտողութեան պահերուն:
Ծերունազարդ բանաստեղծը դողդոջ քայլերով մօտեցաւ գրակալին եւ երիտասարդական խանդով ու կենսունակութեամբ խօսեցաւ աշակերտներուն: Ան գոհունակութիւն եւ ուրախութիւն յայտնեց, որ կը գտնուի պատանի սերունդի զաւակներուն հետ, որոնք կը խոստանան հաւատարիմ մնալ մայրենիին ու հայկական արժէքներուն, ապա հատուած մը արտասանեց իր մէկ բանաստեղծութիւններէն:
Շարունակելով իր խօսքը, ան կանգ առաւ հայութեան համար երկու հիմնական ու անփոխարինելի արժէքներու վրայ, շեշտելով, որ հայուն համար հողն ու լեզուն գոյատեւման հիմնաքարեր են: Հայաստանի հայութիւնը կը պայքարի հողի պահպանման համար, իսկ Սփիւռքի զաւակները կը պայքարին ու պէտք է պայքարին լեզուի պահպանման համար, որովհետեւ հողին ու լեզուին կորուստը պիտի նշանակէ ինքնութեան կորուստ: «Դուք զինուորներ էք, որ կը պայքարիք մեր լեզուի պահպանման համար», ընդգծեց բանաստեղծը եւ վերստին խոստում ստացաւ աշակերտներէն, թէ հաւատարիմ պիտի մնան այս ուխտին: Ան պատգամեց չբաւարարուիլ միայն լեզուն գիտնալով, այլ նաեւ պէտք է յարատեւօրէն գործածել զայն, որովհետեւ «զէնքը ինքնին արժէք չունի. եթէ չգործածուի՝ կը ժանգոտի ու կը փճանայ»: Ան աղօթեց որ Աստուած օրհնէ աշակերտները եւ անոնք շարունակեն մեր գոյատեւման պայքարը:
Առաջնորդ Սրբազանին «Պահպանիչ»ով, «Կիլիկիա»ի եւ «Մեր Հայրենիք»ի խմբերգումով, պաշտօնական յայտագիրը աւարտին հասաւ. աշակերտները նուէր ստացան սրբադասեալ նահատակներու սրբապատկերէն օրինակներ:
Հանդիպումը վերջ չէր գտած սակայն, այլ սրահին մէջ ստեղծուեցաւ յուզական անմոռանալի պահ մը: Աշակերտները, որոնք խմբանկարի մը համար հաւաքուած էին հոգեւոր հայրերուն ու բանաստեղծին շուրջ, շրջապատեցին բանաստեղծը եւ հաւաքաբար «գրկեցին» զայն: Ուրախութեան արցունք կար ծերունազարդ բանաստեղծին աչքերուն, կ’արտասուէին նաեւ աշակերտներն ու դաստիարակները: Հոգեխռով պահը լիութեան հասաւ, երբ բոլորը միասնաբար արտասանեցին «Տէրունական Աղօթք»ը եւ անջնջելի յիշատակներով բաժնուեցան մօտաւորապէս հարիւրամեայ բանաստեղծէն: