Հայաստան իրենց ուղեւորութեան նախօրեակին, Ազգ. Ռոզ Եւ Ալեք Փիլիպոս երկրորդական վարժարանի 11-րդ կարգի աշակերտները Հինգշաբթի, 19 Ապրիլ 2018-ի կէսօրին Ազգային Առաջնորդարան այցելեցին եւ վերանորոգեցին մեր հաւատքին ու ազգային արժէքներուն հաւատարմութեան ուխտը։
Ընկերակցութեամբ իրենց հայերէնի դաստիարակներուն, աշակերտները առաջնորդուեցան «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահ, ուր ընդունուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ։ Առաջնորդ Սրբազանին կողքին էր Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան։ Աշակերտները պատրաստած էին գեղարուեստական գեղեցիկ յայտագիր մը, որուն տիրապետող տարրն էր հայրենասիրութիւնը եւ եղաւ անոնց ուխտին մէկ արտայայտութիւնը։
Բացման խօսքը արտասանեց Արա Եագուպեան, շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալման համար, կանգ առաւ հայու կեանքին մէջ եկեղեցւոյ դերին ու ներգործութեան վրայ ու գոհունակութիւն յայտնեց, որ Մայիսին խմբովին Հայաստան պիտի այցելեն, Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի օրերուն պիտի քալեն այն հողին վրայ, ուր ապրած են մեր նախնիները ու արձանագրած են պատմական իրագործումներ, հետեւաբար, խնդրեց Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութիւնը այս ուխտագնացութեան առիթով, խոստանալով հաւատարիմ մնալ մեր հոգեւոր ու ազգային արժէքներուն։
Հանդիսավարութիւնը ձեռնհասօրէն կատարեց Արենի Չորպաճեան, որ իւրաքանչիւր երգէ, արտասանութենէ ու նուագէ առաջ, ներկայացուելիք հատուածին մասին կատարեց դիպուկ նշումներ, արտայայտելով ընկերասիրութիւն, հայրենասիրութիւն եւ մշակութային արժէքներու հանդէպ սէր ու յարգանք։
Յայտագիրը մարմնաւորուեցաւ երգերով, արտասանութիւններով ու նուագներով. աշակերտները բեմին վրայ վերապրեցուցին Էմինը, Մեծարենցը, Ծառուկեանը, Ամիրխանեանը, Խաչատուրեանն ու Պապաճանեանը, վկայելով, որ հայ արուեստագէտներուն ոգին կ’ապրի իրենց մէջ։
Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ աշակերտներուն ներկայացումին մասին, գոհունակութիւն յայտնեց, որ անոնք դարձեալ կը գտնուին Ազգ. Առաջնորդարանի յարկին տակ ու իրենց դաստիարակներուն հոգածու խմանքին շնորհիւ, աւելի գիտակից ու հասուն դարձած են, քան ինչ որ էին 3 տարի առաջ, առաջին այցելութեան օրերուն։ Ան անդրադարձաւ բացման խօսքը կատարող եւ հանդիսավար աշակերտներուն խօսքերուն, որոնք արտայայտութիւն էին բոլորի զգացումներուն ու հաւատքի ու ազգային արժէքներու հաւատարմութեան ուխտի վերանորոգման, ապա յորդորական մօտեցումով խօսեցաւ աշակերտներուն Հայաստան ուղեւորութեան մասին, նշելով, որ անոնք հայրենի հողին վրայ հաղորդակից պիտի ըլլան մեր պատմութեան ու մշակոյթին, հաւատքին ու աւանդներուն, բախտաւոր են, որ 100-ամեակի տօնակատարութեան օրերուն պիտի գտնուին Հայաստան. ան մաղթեց, որ Խոր Վիրապ ու պատմական այլ վայրեր այցելութեան պահուն, աշակերտները հաղորդ զգան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի, Թարգմանչաց սերունդի ու մեր պատմութեան վճռական փուլերը կերտած նախնիներու աւանդներուն, որոնց պատգամներուն կը ծանօթանան նաեւ իբրեւ Սփիւռքի զաւակներ։
Ընդառաջելով աշակերտներու խնդրանքին, Առաջնորդ Սրբազանը մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ Սրբալոյս Միւռոնի պատմականին ու պատրաստութեան ձեւին մասին, նշելով, որ Հայց. Եկեղեցւոյ միւռոնը իւրայատուկ է իր բաղադրութեամբ ու պատրաստութեան ձեւով, թէեւ այլ եկեղեցիներ եւս ունին միւռոնի գործածութիւն։ Ան շեշտեց, որ միւռոնի գործածութիւնը ունի պատմական խորք, կու գայ հրեաներու Եգիպտոսէն ազատագրման օրերէն, Հայաստան հասած է Քրիստոսի առաքեալներուն ձեռամբ ու վերահաստատուած՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին կողմէ։ Մեր եկեղեցւոյ հաստատումէն ի վեր, միւռոնը ապրած է իր շարունակականութիւնը, որովհետեւ հին միւռոնէն մաս մը կը խառնուի նորին, Ս. Էջմիածինի մէջ օրհնուած միւռոնէն մաս մը կը խառնուի Անթիլիասի միւռոնին եւ փոխադարձաբար, հետեւաբար, միւռոնը նաեւ խորհրդանիշ մըն է մեր եկեղեցւոյ ու ազգի միութեան։ Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամը եզրափակեց բարի ճանապարհ մաղթելով աշակերտներուն ու վստահութիւն յայտնեց, որ Հայաստանէն պիտի վերադառնան աւելի՛ հայացած, հաւատքի մէջ աւելի՛ զօրացած, իսկ այս վարժարանէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, կառչած պիտի մնան մեր ազգային կեանքին ու մասնակից պիտի ըլլան անոր։
Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը պատասխանեց աշակերտներու հարցումներուն, նախ յաւելեալ լուսաբանութիւններ տալով միւռոնին, ապա նաեւ այսօրուան աշխարհին մէջ հաւատքը պահելու եւ այլասերող ազդեցութիւններու դէմ դնելու հրամայականին մասին։
Հանդիպումը վերջ գտաւ «Կիլիկիա»ի խմբերգումով եւ Առաջնորդ Սրբազանին «Պահպանիչ»ով։ Մեկնելէ առաջ, աշակերտներն ու դաստիարակները Ազգ. Առաջնորդարանի մուտքին խմբանկար մը ունեցան Առաջնորդ Սրբազանին հետ, նաեւ լուսանկարուեցան նահատակաց յուշակոթողին առջեւ։