Դէպի Հայաստան իրենց ուխտագնացութեան նախօրեակին, եւ պահպանելով տարիներու բարի աւանդութիւնը, Ազգային Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Վարժարանի 11րդ կարգի աշակերտները Հինգշաբթի, 28 Ապրիլ 2016ի առաւօտուն այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան եւ հիւրընկալուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ, իրենց երգերով, արտասանութիւններով, նուագներով ու պարով գործնապէս արտայայտեցին հայութեան ու անոր թանկարժէք մշակութային հարստութեանց հաւատարմութիւնը:
Իրենց դաստիարակներուն՝ Տիար Գէորգ Սարգիսեանի, Տիկին Թամար Սերայտարեանի, Տիկին Անուշ Էլարեանի եւ Տիար Մուշեղ Պետեւեանի ընկերակցութեամբ, 60 աշակերտները Ազգ. Առաջնորդարան հասան ժամը 10:45ին եւ առաջնորդուեցան «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատուռ, ուր աղօթքի պահ մը ունեցան Առաջնորդ Սրբազանին հետ, որուն կողքին էին Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան եւ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան: Աշակերտները ունկնդրեցին Ցեղասպանութեան զոհ գացած մեր սուրբ նահատակներուն նուիրուած շարականը, որուն մասին Առաջնորդ Սրբազանը տուաւ հակիրճ լուսաբանութիւն:
Այնուհետեւ, աշակերտներն ու ուսուցիչները համախմբուեցան «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, որ շուտով պարուրուեցաւ մեր մշակութային գանձերու մթնոլորտին մէջ: Վարժարանի հայերէնի բաժանմունքի պատասխանատու Տիար Գէորգ Սարգիսեան յայտնեց, որ այս խումբը 16րդն է, որ Հայաստան ուխտի պիտի երթայ 2000 թուականին հաստատուած բարի աւանդութեան ծիրին մէջ: Ծանօթ պայմաններուն բերումով, ուխտագնացները պիտի չկարենան Արցախ այցելել, սակայն կարելի միջոցներով օժանդակութիւններ պիտի տանին իրենց հետ, տրամադրելու չքաւորներու, որբերու եւ զինուորներու ընտանիքներուն:
Գեղարուեստական յայտագիրը բաւական ճոխ էր ու բազմազան, եւ ընթացաւ բազմաթիւ հանդիսավարներու ներկայացումներով: Բացման խօսքը արտասանեց Մարինէ Սանոսեան, որ ըսաւ թէ ընկերներուն հետ Ազգ. Առաջնորդարան եկած է, Հայաստան ուղեւորութենէն առաջ Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութիւնը ստանալու համար: Ան հաստատեց, թէ կը մնան հաւատարիմ մեր պապերու ժառանգութեանց, կը հետեւին վերջին շաբաթներու արցախեան իրադարձութիւններուն, գիտեն, որ ունինք լուծման սպասող Դատ, եւ կը վստահեցնեն, որ զօրավիգ են հայրենիքին, հաւատարիմ՝ մեր հաւատքին եւ գիտակից՝ ազգային պատկանելիութեան:
Գեղարուեստական յայտագիրը կազմուած էր դաշնակի եւ ջութակի վրայ նուագներով, արտասանութիւններով եւ երգերով: Աշակերտները ցոյց տուին, թէ ինչո՛ւ անմահ են Կոմիտասը, Սայաթ Նովան, Չարենցը, Պապաճանեանը, Կապուտիկեանը, անոնց նման անմահ պիտի մնան ժամանակակից երգահաններ ու աշուղներ: Իւրաքանչիւր մատուցում աստիճան մը աւելի բարձրացուց հայրենասիրական ու հայաշունչ մթնոլորտին ջերմութիւնը, իսկ ամէնէն սրտառուչ պահերէն մէկը հասաւ՝ երբ բոլոր աշակերտները մեղմ ձայնով ձայնակցեցան իրենց երկու ընկերներուն, որոնք կ’երգէին «Աղբերս ու ես» երգը, արձագանգ ըլլալով Արցախի ժողովուրդին այսօրուան պայքարին ու զայն յաղթանակով աւարտելու կամքին: Աշակերտները չմոռցան նաեւ երախտագիտութիւն արտայայտելու իրենց դաստիարակներուն, ուսուցիչին նուիրուած երգով…
Հանդիպումը այնուհետեւ զարգացաւ Առաջնորդ Սրբազանին հետ մտերմիկ զրոյցի ճամբով: Առաջնորդ Սրբազանը, աշակերտներուն ներկայութիւնը ողջունելով, ուղղեց կարճ պատգամ մը, նշելով, որ մեր պատմութիւնը յաճախ մեզի բերած է դժուարին պայմաններ, որոնցմէ ծանրագոյնն էր Ցեղասպանութիւնը, որուն 101-րդ ամեակը յիշատակեցինք անցեալ շաբաթ, սակայն շնորհիւ մեր հաւատքին, մենք գոյատեւած ենք, որովեհետեւ Ս. Գիրքը կ’ըսէ, եթէ Աստուած մեզի հետ է, ո՞վ կրնայ մեզի հակառակիլ։ Տէրը մեր յոյսն է եւ կեանքը, ոչ մէկէն վախնալու պատճառ ունինք: Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ աշակերտներուն գեղեցիկ ներկայացումներուն եւ տաղանդներուն մասին, որոնք ուրախութիւն կը պատճառեն իրեն, նաեւ գոհունակ կը զգայ, երբ կը լսէ, որ աշակերտները ուխտած են հաւատարիմ մնալ հաւատքին, լեզուին ու մշակութային ժառանգութեանց: Խօսելով աշակերտներուն մօտալուտ Հայաստան այցելութեան մասին, ան նշեց, որ երբ այցելեն Ս. Էջմիածին, Խոր Վիրապ, Ծիծեռնակաբերդ, Օշական, Սարդարապատ եւ մեր պատմութիւնն ու մշակոյթը խորհրդանշող այլ վայրեր, ուղղակի հաղորդակցութեան մէջ պիտի ըլլան հայութեան դարաւոր ժառանգութեանց հետ ու աւելի պիտի ամրանան իրենց հաւատքին ու հայկական ինքնութեան մէջ: Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ նաեւ ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն մասին, ընդգծելով, որ հայ դպրոցն ու Ազգային Առաջնորդարանը մասնիկներն են մեր մայր հայրենիքին:
Այնուհետեւ, աշակերտները առիթ ունեցան հարցումներ ուղղելու Առաջնորդ Սրբազանին եւ արտայայտուելու իրենց հայկական առօրեային մասին: Անոնք բացատրեցին, որ օր մը առաջ, Չորեքշաբթի, 27 Ապրիլին, վարժարանին մէջ ունեցած են աշակերտական համագումար մը, ուր արծարծուած են մեր լեզուի կենսունակութեան, հայկական ինքնութեան պահպանման, Սփիւռք-Հայաստան կապերուն եւ հայութեան էութեան հետ առնչութիւն ունեցող նման հարցերու մասին: Առաջնորդ Սրբազանն ու աշակերտներ զրուցեցին հայկական պատկանելիութեան ու հայերէն լեզուի տարածման մէջ հայ դպրոցին ու այլ միաւորներու դերակատարութեան մասին, վեր առնելով այն իրականութիւնը, որ այս միջավայրին մէջ շնչող աշակերտներ ու երիտասարդներ առաւելութիւն մը ունին օտար միջավայրերու մէջ գտնուողներէ ու պէտք է օգտուին այդ առաւելութենէն: Առաջնորդ Սրբազանին հարցումին պատասխանելով, աշակերտներ ըսին, որ հայ ըլլալ՝ իրենց համար կը նշանակէ գիտնալ լեզուն, ունենալ հաւատք, ազգային գիտակցութիւն, երգ, ու ազատ եւ անկախ հայրենիք: Զրոյցը ընդգրկեց նաեւ այն ճիգերն ու գործնական միջոցները, որոնք կը տարուին նոր սերունդին մէջ հայերէն լեզուի վերականգնումին ու ամրապնդման համար եւ այդ նպատակով, արդէն իսկ արդի արհեստագիտութեան որոշ միջոցները կ’օգտագործուին հայեցի դաստիարակութեան աշխատանքներուն մէջ:
Զրոյցի բաժինը վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազանին այն մատնանշումով, որ արցախեան զարգացումները ամբողջ հայութիւնը վերածած են Արցախի զինուորներու, մեր Թեմը եւս մասնակից է Արցախի ի նպաստ հանգանակութեան այն աշխատանքին, որ նախաձեռնուած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ. աւելին, աշակերտներուն Հայաստան ուղեւորութիւնը կը զուգադիպի պատմական տարուան մը, որովհետեւ կը տօնենք Հայաստանի անկախութեան 25րդ տարեդարձը: Մեր այսօրուան պայքարը ապացոյց է, որ հայը կ’ապրի, պիտի ապրի ու դեռ բազմանայ, չ’ընդունիր որեւէ զիջում իր արդար իրաւունքներէն. «Վստահ եմ, որ Հայաստան ձեր ուխտագնացութենէն վերադարձին, դուք ձեզ աւելի հայ պիտի զգաք, ձեր հաւատարմութիւնը աւելի պիտի զօրանայ եւ աւելի՛ պիտի գնահատէք ձեր ուսուցիչներուն ու ծնողներուն զոհողութիւնն ու նուիրումը՝ ձեր հայեցի դաստիարակութեան գործին, ու մենք պիտի հպարտանանք ձեզմով», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը:
Իբրեւ գեղարուեստական յայտագիրի եզրափակում, աշակերտները միասնաբար երգեցին «Գետաշէն»ը: Առաջնորդ Սրբազանը «Պահպանիչ»ով օրհնեց աշակերտներն ու դաստիարակները, ապա, բոլորը երգեցին «Կիլիկիա»ն ու Հայաստանի Քայլերգը:
Ազգի Տան հրաժեշտ տալէ առաջ, աշակերտներն ու ուսուցիչները Առաջնորդ Սրբազանին եւ հոգեւոր հայրերուն հետ յիշատակի լուսանկար մը ունեցան Ս. Նահատակներու յիշատակին, Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով կանգնած յուշարձանին առջեւ, նաեւ իբրեւ յուշանուէր ստացան Ս. Նահատակներու պատկերները եւ Ուիլիըմ Սարոյեանի պատմական խօսքը պարունակող որմազդը: