Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով Ուաշինկթընի մէջ կազմակերպուած ձեռնարկներու շրջագիծէն ներս, Շաբաթ, 9 Մայիս 2015-ի առաւօտուն, Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ “Անարատ Յղութիւն” Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ: Ս. Պատարագը մատուցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը: Առընթերականերն էին, Հայ Եկեղեցւոյ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան երկու թեմերու առաջնորդները՝ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան: Ներկայ էին երկու հազարէ աւելի հայորդիներ, որոնք ժամանած էին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զանազան շրջաններէ:
Իր Հայրապետական պատգամին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս: Վեհափառ Հայրապետը, մեր կեանքէն ներս քրիստոնէական հաւատքի հրամայական անհրաժեշտութեան մասին խօսեցաւ եւ ըսաւ. “Հաւատքը զՔրիստոս ունենալն է, որպէս մեր կեանքին առանցքը եւ նպատակը: Հաւատքի ճամբով է, որ մենք Քրիստոսը կ’ապրինք. հաւատքի ճամբով է, որ մենք Աստուծոյ կը դառնանք՝ Աստուծոյ հետ կը յարաբերինք. հաւատքի ճամբով է, որ երկինքը կ’ապրինք երկրի վրայ”: Ապա, Նորին Սուրբ օծութիւնը անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ եւ հայ ժողովուրդի ինքնութեան կերտման համար քրիստոնէական հաւատքի կարեւորութեան. “Մեր ժողովուրդի պատմութիւնը եղաւ հաւատքով շաղախուած պատմութիւն: Մեր պատմութեան բոլոր պատերազմները՝ Վարդանանցէն մինչեւ Սարդարապատ, մինչեւ Ղարաբաղ, եղան հաւատքի պատերազմներ, մեր ժողովուրդը իր արիւնը թափեց “վասն հաւատոյ ու վասն հայրենեաց”: Հաւատք եւ հայրենիք միացան՝ ո՛չ մէկ ուժ կրցաւ հաւատքը բաժնել մեր հայրենիքէն եւ հայրենիքը՝ մեր հաւատքէն”:
Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը եզրափակեց վստահեցնելով, որ մեր ժողովուրդը ամրօրէն կառչած պիտի մնայ իր հաւատքին՝ “Նոյն հաստատակամութեամբ ու հաւատքով միջազգային ընկերութեան դիմաց կանգնած, մեր ժողովուրդի դատին համար արդարութիւն պիտի պահանջենք, որովհետեւ բռնաբարուած են մեր ժողովուրդին մարդկային իրաւունքները ու մեր եկեղեցապատկան, ազգապատկան եւ անհատական կալուածները տակաւին բռնագրաւուած կը մնան ցեղասպանութիւն գործած Օսմանեան թուրք պետութեան ժառանգորդներուն կողմէ”:
100-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒՄ Նոյն օրը, երեկոյեան, Ուաշինկթընի “Մարիոթ” պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան, Կիլիկեան ու Էջմիածնական թեմերու, 100-ամեակի կեդրոնական յանձնախումբին կազմակերպած եռօրեայ ձեռնարկներու եզրափակիչ ճաշկերոյթը, ներկայութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետներուն եւ աւելի քան երկու հազար հայորդիներու:
Ճաշկերոյթին ներկայ էին նաեւ ամերիկացի պետական, քաղաքական անձնաւորութիւններ, միջազգային մարդասիրական կազմակերպութեանց եւ հիմնարկներու ներկայացուցիչներ ու օտար մտաւորականներ, որոնք հրաւիրուած էին յանձնախումբին կողմէ խօսք առնելու եւ կամ պարգեւատրուելու՝ առ ի երախտագիտութիւն Հայ Դատի աշխատանքներուն եւ յետ Ցեղասպանութեան՝ իրենց մատուցած մարդասիրական ծառայութիւններուն համար: Խօսք առին ու պարգեւները բաշխեցին երկու Վեհափառ Հայրապետները: Պարգեւատրեալներու շարքին էին Near East Reliefը, Ամերիկեան Կարմիր Խաչը, պատմական դէմքերէն՝ Ֆրիճոֆ Նանսէն, նախագահ Վուտրօ Ուլիսըն, դեսպան Մորկընթաու, Միացեալ Նահանգներու Խորհրդարանը, ծերակուտական Ռապըրթ Տոլ, “Շոահ” հիմնարկը, “Նիւ Եորք Թայմզ” թերթը, Ցեղասպանութիւն եզրին հեղինակը՝ Ռաֆայէլ Լեմքին եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման ի նպաստ դիրքորոշուած թուրք մտաւորականներ:
Կիրակի, 10 Մայիսի առաւօտեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետները իրենց իջեւանած պանդոկի սրահներէն մէկուն մէջ, նախագահեցին Ա. Մ. Նահանգներու Արեւելեան թեմերու երկու առաջնորդներուն մայրերու օրուան առիթով կազմակերպած եկեղեցական արարողութեան, իրենց Հայրապետական պատգամները փոխանցեցին եւ աջահամբոյրով օրհնեցին հայ մայրերը: