Կիրակի, 30 Յունիս 2019-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, իր բոլոր Թեմերով, յընթացս Ս. Պատարագին Հայրապետական Մաղթանքով նշեց Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 24-րդ տարեդարձը:
Նշենք, որ Վեհափառ Հայրապետը 28 Յունիս 1995-ին Կաթողիկոս ընտրուած է, իսկ օծուած է՝ 1 Յուլիս 1995-ին։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, կատարեց Հայրապետական Մաղթանքի արարողութիւնն ու փոխանցեց իր պատգամը։
Առաջնորդ Սրբազանը իր յաւուր պատշաճի քարոզի նիւթը կեդրոնացուցած էր Մեծն Ներսէս Կաթողիկոսի վարքին, կեանքին ու գործունէութեան վրայ։ Վեր առնելով Մեծն Ներսէս Հայրապետի քրիստոսանուէր կեանքն ու առաքելութիւնը, Առաջնորդ Սրբազանը դիտել տուաւ, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս նոյն ոգիով ու նախանձախնդրութեամբ 24 տարիներ առաջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գահ բարձրացաւ եւ իր իմաստուն առաջնորդութեամբ Անթիլիասը աւելի եւս ծաղկեցաւ։ Սփիւռքեան մեր կեանքին մէջ Կաթողիկոսարանը շարունակեց մնալ հայութեան հոգեւոր կեդրոնն ու բնօրրանը, իսկ միջեկեղեցական եւ միջկրօնական յարաբերութեանց մակարդակներու վրայ մեր Ս. Աթոռը առանցքային ու կարեւորագոյն տեղ գրաւեց։ Իր քարոզի աւարտին, Թեմիս Բարեջան Առաջնորդը ընդ երկար գահակալութիւն, քաջառողջութիւն մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին, որպէսզի իր հովուապետական մականով ծաղկի ու ծաղկեցնէ մեր Ս. Աթոռը եւ մեզ բոլորս հոգեւոր եւ ազգային առաքելութեան մէջ առաջնորդէ ի բարին եւ ի խաղաղութիւն։