Կիրակի, 29 Յունիսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, իր բոլոր Թեմերով, տօնեց Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 19րդ տարեդարձը:
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Հայրապետական Մաղթանքի արարողութեան եւ փոխանցեց իր պատգամը։
Ներկայ էին Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ անդամներէն՝ Տիար Վահրիճ Փիլաւճեան։
Հայրապետական Մաղթանքի աւարտին, իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը, յանուն Թեմիս մէջ ծառայող Միաբան Հայրերուն, Հոգեւորականաց Դասուն, Կրօնական Ժողովին, Ազգ. Վարչութեան ու հաւատացեալ ժողովուրդին, շնորհաւորեց Վեհափառ Հայրապետին ընտրութեան եւ օծման 19րդ տարեդարձը, մաղթելով երկար եւ քաջառողջ կեանք ու անսպառ կորով ի ծառայութիւն եւ պայծառութիւն Ս. Եկեղեցւոյս։ Եզրափակելով, Առաջնորդ Սրբազանը աղօթեց որ Աստուած անսասան պահէ Կիլիկեան Սուրբ Աթոռն ու Միաբանական ուխտը, որպէսզի իբրեւ փարոս շարունակէ լուսաւորել մեր կեանքը, անշէղ պահէ մեզ քրիստոնէական մեր սուրբ հաւատքին մէջ ու մեր ազգային դարաւոր պահանջատիրութիւնը իրագործումներով պսակէ։
Յայտնենք նաեւ որ այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորական գիր մը յղեց Վեհափառ Հայրապետին։