Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ընտրութեան ու օծման 23-րդ տարեդարձին առիթով, Կիրակի, 1 Յուլիս 2018-ին, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Հայրապետական Մաղթանք պիտի կատարուի։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն մայր եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, պիտի կատարէ Հայրապետական Մաղթանքի արարողութիւնը եւ օրուան պատգամը պիտի փոխանցէ։ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Մոնթեպելլոյի Ս.
buy tadalafil online www.mydentalplace.com/wp-content/themes/twentytwelve/inc/en/tadalafil.html no prescription
Խաչ Մայր Տաճարին մէջ եւ պիտի կատարէ Հանրապետական Մաղթանքի արարողութիւնը։
Կոչ կ’ուղղենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որպէսզի աղօթքով միանան Հայրապետական Մաղթանքի արարողութեան եւ Երկնաւոր Հօրմէն խնդրեն Վեհափառ Հայրապետին շնորհել երկար ու առողջ կեանք եւ ծաղկեալ գահակալութիւն, ի պայծառութիւն մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի։