Հայախօսութիւնը խրախուսելու նպատակով, ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Հայերէնի Վերաշխուժացման Մարմինը (ՀՎՄ), ընդարձակ քննարկումներէ եւ ուսումնասիրութիւններէ ետք, կազմած է մասնագիտական համապարփակ ծրագիր մը, որ ունի կարճ եւ երկար ժամկէտերով թիրախներ:
Ծրագիրներուն շարքին, Մարմինը որոշած է կազմակերպել որմազդի (poster) մրցում մը, նպատակ ունենալով նոր սերունդը քաջալերել հայերէն խօսելու։
Մրցումին կրնան մասնակցիլ երկրորդական վարժարանի աշակերտներ եւ համալսարանի ուսանողներ:
Նախագիծերու յանձնումի վերջին ժամկէտն է 26 Նոյեմբեր 2017:
Ստացուած որմազդերը կը քննարկուին դատական յատուկ յանձնախումբի մը կողմէ։
Առաջին եւ երկրորդ հանդիսացողները կը ստանան պատշաճ պարգեւներ։
Մրցումին պայմաններուն եւ մանրամասնութիւններուն ծանօթանալու համար կարելի է դիմել http://ArmenianLanguageVitality.org/Poster կայքէջին:
ԱՄՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
ՀԱՅԵՐԷՆԻ ՎԵՐԱՇԽՈՒԺԱՑՄԱՆ ՄԱՐՄԻՆ