Ծանօթ է, որ Երեքշաբթի, 29 Յունուարին, Սան ֆերնանտօ հովիտի հայկական երկու դպրոցներ՝ Ազգ. Ֆերահեան եւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Մարի Մանուկեան երկրորդական վարժարանները թիրախ դարձան թրքաբարոյ խափանարարութեան, որ միաձայնութեամբ դատապարտումի ենթարկուեցաւ իբրեւ անհանդուրժողութեան եւ ատելութեան արտայայտութիւն. արդարեւ, անծանօթ դիմակաւորներ գիշերով թրքական դրօշակներ կախած էին յիշեալ վարժարաններու ցանկապատերուն։ Նոյն օրերուն, շրջանի հրէական աղօթավայր մըն ալ ատելութեան նմանօրինակ դրսեւորումի մը առարկայ եղած է։
Երեքշաբթի երեկոյեան, Ֆերահեան վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, կազմակերպութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման միացեալ յանձնախումբին եւ մասնակցութեամբ պետական ու ոստիկանութեան պատասխանատուներու եւ մեր համայնքի ներկայացուցիչներու։ Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ներկայ եղան Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան եւ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան։ Ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան անդամներէն Տիար Րաֆֆի Գույումճեան, Խնամակալ Մարմինի անդամներ, վարժարաններու տնօրէնուհիներ եւ ուսումնական մարմիններու անդամներ եւ գաղութի կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ։
Ուրբաթ, 1 Փետրուարին, վերոյիշեալ վարժարաններու աշակերտութիւնը Ֆերահեան վարժարան հաւաքուեցաւ, կազմակերպելով քայլարշաւ մը, որ կը խորհրդանշէր միասնականութիւն եւ հաւաքական ընդդիմութիւն։
Այս դէպքերուն լոյսին տակ, Հինգշաբթի, 7 Փետրուարի երեկոյեան, Էնսինոյի «Our Lady of Grace» կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ միջ-կրօնական եւ միջ-համայնքային հսկումի արարողութիւն մը։ Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան, ընկերակցութեամբ Բարշ. Րաֆֆի Սրկ. Կարապետեանի ու Բարշ. Թուխման Սրկ. Խաչատուրեանի։ Հսկումին նպատակն էր դատապարտել անհանդուրժողութիւն սփռող եւ ատելութիւն սերմանող հակակրօնական արարքները եւ միասնական ճիգերով դէմ դնել հատուածականութեան եւ համայնքներուն սպառնացող վտանգներուն։ Տէր Ռազմիկ Քահանայ փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր ողջոյնները։ Խօսք առաւ նաեւ Րաֆֆի Սարկաւագ։
Իսկ Երկուշաբթի, 4 Փետրուարին, Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ «Եղիա Սարաֆեան» դահլիճին մէջ հաւաք մը տեղի ունեցաւ, կազմակերպութեամբ Էնսինոյի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Քորէցի։ Հաւաքին մասնակից էին ոստիկանութեան ներկայացուցիչներ, պետական եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ, Տ. Ռազմիկ Աւ. քահանայ ու եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան անդամներ, վարժարաններու տնօրէնուհիներ եւ ուսումնական մարմիններու անդամներ ինչպէս նաեւ գաղութի կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ։ Հաւաքին ընթացքին, զեկուցում տրուեցաւ ծանօթ դէպքերուն շուրջ բացուած քննութեանց արդիւնքին մասին եւ. հաղորդուեցաւ, որ հետապնդումները կը շարունակուին։