Աւելի քան մէկ շաբաթէ ի վեր, ցաւով ու վրդովումով կը հետեւինք Թեքսաս նահանգի կարգ մը շրջանները ու մասնաւորաբար Հիւսթըն քաղաքը հարուածող «Հարվի» մրրիկին ահաւոր հետեւանքներուն։ Ինկած են բազմատասնեակ զոհեր, քանդուած են աւելի քան 100,000 բնակարաններ, արձանագրուած է բազմամիլիառ տոլարի նիւթական վնաս։
Յուսալով, որ ողողումները վերջ գտնեն եւ ահաւոր աղէտին ամբողջական հետեւանքները երեւան ելլեն, եկէ՛ք, մեր ձեռքերը միացնենք՝ օգնութեան հասնելու համար բազմահազար աղէտեալներուն, որոնք կորսնցուցած են ամէն բան։ «Հարվի»ն կը նկատուի նորագոյն ժամանակներու ամէնէն ահաւոր աղէտներէն մէկը։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Կիրակի, 3 Սեպտեմբեր 2017-ին, մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ «Տէր Ողորմեա»ի աղօթք պիտի բարձրացուի մրրիկին զոհերուն եւ աղէտեալներու ցաւերուն ամոքումին համար։ Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ կոչ կ’ընէ մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ մասնակցի «Հարվի»էն վնասուողներուն ի նպաստ հանգանակութեանց, որոնք կը կատարուին պաշտօնական ու ճանչցուած բարեսիրական միաւորներու կողմէ։
Հիւսթընի աղէտեալ ժողովուրդը պէտք ունի մեր անմիջական օգնութեան։ Եկէ՛ք, միանանք աղօթքով եւ բաց սրտով օգնութեան ձեռք երկարենք Հիւսթընին, որ կը կանգնի վերականգնումի երկար ճամբուն սկիզբը։