Կիրակի, 10 Ապրիլ 2016ին, Կանաչ Կիրակի օրը, ընդառաջելով Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի վարչութեան խնդրանքին, եւ տնօրինութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Արեւմտեան մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ յատուկ աղօթք բարձրացուեցաւ հիմնարկի նուիրեալ ծառայողներուն զօրակցութեան ու անոնց խնամքը վայելող հիւանդներուն համար:
Առաջնորդ Սրբազանը նախագահեց Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ ուղղեց իր պատգամը: Արարողութեան ներկայ էին Հ. Ո. Հիմնարկի նախագահ Դոկտ. Ֆրիտա Ճորտըն եւ վարչութեան անդամներէն Դոկտ. Վերժին Մատէնլեան ու Տիկին Գարմէն Լուքասեան:
Իր պատգամին սկզբնաւորութեան, Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց Հիմնարկին ներկայացուցիչներն ու համայնքի հաւատացեալները, յայտնելով, որ յընթացս Ս. Պատարագի, պիտի աղօթենք ոսկրածուծի հիւանդութեամբ տառապողներու առողջութեան, Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկին ծառայողներուն յաջողութեան, ինչպէս նաեւ պատերազմական վիճակի մատնուած Արցախի ապահովութեան համար:
Խօսելով Կանաչ Կիրակիի խորհուրդին մասին, Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, որ այս օրը կը յիշատակենք Քրիստոնեայ Եկեղեցւոյ հիմնադրութիւնը. օրուան գլխաւոր խորհուրդն ու պատգամն է հոգեւոր վերածնունդ Քրիստոսով, Կանաչ Կիրակին հաւատացեալին կը բերէ հոգեկան վերազարթնում, վերանորոգութիւն եւ նոր կեանք: Առաջնորդ Սրբազանը Կանաչ Կիրակիի խորհուրդը կապեց օրուան աւետարանական ընթերցումին (Յովհ. 2:23-3:12), որ կը պատմէ Նիկոդեմոսի հետ Յիսուսի հանդիպումին եւ զրոյցին մասին եւ ուր մեր Տէրը Նիկոդեմոսի կ’ըսէ. «Լաւ գիտցիր, որ եթէ մէկը վերստին չծնի՝ չի կրնար տեսնել Աստուծոյ արքայութիւնը»: Ան շարունակեց ըսելով, եթէ մենք մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոսը սիրենք մաքուր սրտով ու անկեղծօրէն, զինք հրաւիրենք բնակելու մեր սիրտերուն մէջ, այն ատեն միայն հոգեպէս կը վերանորոգուինք, կը վերածնինք եւ կ’ունենանք Իր խոստացած նոր կեանքը:
Առաջնորդ Սրբազանը կանգ առաւ Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի մարդասիրական ու հայանուէր ծառայութիւններուն, դրուատելով անոր նուիրեալները, որոնք աստուածահաճոյ գործ կ’ընեն, անոնց առաքելութիւնը համապատասխան է այսօրուան աւետարանական պատգամին, որովհետեւ հիմնուած է Աստուծոյ ու մեր նմաններուն հանդէպ սիրոյ զգացումին վրայ: Այս հիմնարկի գործունէութիւնը գործնական կիրարկումն է աստուածային սիրոյն:
Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը յատուկ աղօթք բարձրացուց Հիմնարկի խնամքին ենթակայ հիւանդներուն համար, Աստուծմէ խնդրելով, որ առողջութիւն պարգեւէ անոնց եւ հովանի ըլլայ ծառայողներուն:
Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, խօսք առաւ Դոկտ. Ֆրիտա Ճորտըն եւ շնորհակալութեան ու երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանին, որ ամուր զօրակից մը եղած է այս հիմնարկին՝ անոր հիմնադրութենէն (1999ին) ի վեր: Ան հակիրճ բացատրութիւններ տուաւ Հիմնարկի մարդասիրական եւ հայրենանուէր աշխատանքներուն մասին, լուսաբանութիւն տալով հաւատացեալներուն, թէ ինչպէս կրնան աջակցիլ անոր գործին: