Աղօթք՝ Շարլ Ազնաւուրի Յիշատակին

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան տնօրինութեամբ, Կիրակի, 7 Հոկտեմբեր 2018-ին, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ «Տէր Ողորմեա»ի աղօթք բարձրացուեցաւ աշխարհահռչակ երգիչ, արուեստագէտ եւ Հայաստանի ազգային հերոս Շարլ Ազնաւուրի յիշատակին։ Առաջնորդ Սրբազանը հանդիսապետեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, օրուան պատգամը փոխանցեց եւ իր յարգանքի խօսքը ուղղեց Շարլ Ազնաւուրի յիշատակին։

Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը կանգ առաւ Ազնաւուրի ծառայութեան ու վաստակին առջեւ, մասնաւորաբար վեր առնելով Հայաստանին ու մեր Դատին անոր նուիրեալ ծառայութիւնները։ «Հոկտեմբեր 1-ին, աշխարհը սգաց, ամբողջ Ֆրանսան եւ յատկապէս մեր հայրենիքը եւ հայութիւնը սգացին կորուստը նուիրեալ այս տիտանին, որ ոչ միայն երաժշտութեան ճամբով մեր ժողովուրդը ծանօթացուց աշխարհին, այլ մանաւանդ ինք, Ցեղասպանութենէն փրկուած ծնողներու զաւակ ըլլալով, իր կեանքի ամբողջ տեւողութեան հայու արդար իրաւունքը, հայուն դատը իր սրտին մէջ ունենալով, աշխատեցաւ զայն ծանօթացնել եւ մեր իրաւունքի պաշտպանութեան համար իր լաւագոյնը տուաւ։» Ան յիշեցուց, որ Շարլ Ազնաւուր Հայաստանի երկրաշարժի աղէտին առիթով, իր օժանդակութեան եւ զօրակցութեան ճամբով, շատերուն հրաւէր եղաւ եւ օրինակ դարձաւ զօրակցութեան եւ օժանդակութեան։ «Թո՛ղ Ազնաւուրի կեանքն ու աւանդը մեզ ներշնչեն որպէսզի մեր կեանքը ապրինք Աստուծոյ, հայրենիքի եւ մեր նմաններու սիրով, ու մեր բարեգործութեամբ կարենանք բարելաւել մեր շրջապատը եւ մեր շնորհքները ի սպաս դնենք Աստուծոյ, ազգին եւ մեր եկեղեցիին ծառայելով։»

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022