Թեմիս Եկեղեցիներուն Մէջ Յատուկ Աղօթք՝ Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկին Համար


Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկին փափաքով, եւ տնօրինութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Կիրակի, 30 Ապրիլ 2017-ին, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ յատուկ աղօթք բարձրացուեցաւ Հիմնարկին խնամքը վայելող հիւանդներուն, անդամներուն եւ ծառայող պատասխանատուներուն համար։

Առաջնորդ Սրբազանը հանդիսապետեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ փոխանցեց իր պատգամը։ Ս. Պատարագ մատուցեց Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան։ Ներկայ էին Հիմնարկի հիմնադիր նախագահը՝ Դոկտ. Ֆրիտա Ճորտըն եւ վարչական խորհուրդի անդամներ։

Նախքան քարոզը, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատանքով արտայայտուեցաւ ՀՈՀ-ի կամաւոր ծառայողներու հայրենանուէր գործին ու նուիրումին մասին, օրհնեց անոնց ճիգերը եւ ամբողջական յաջողութիւն մաղթեց անոնց ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն, շեշտելով, որ կեանքեր փրկելու նուիրական աշխատանքին լծուած այս հիմնարկը արժանի է բարձր գնահատանքի եւ նիւթական ու բարոյական անվերապահ զօրակցութեան, ապա, աղօթք բարձրացուց Հիմնարկին խնամքը վայելող հիւանդներուն բժշկութեան համար։

Դոկտ. Ֆրիտա Ճորտըն. շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որ շարունակ զօրավիգ կը կանգնի հիմնարկի գործունէութեանց եւ պատրաստակամութիւն կը յայտնէ Ազգ. Առաջնորդարանի միջոցները ի սպաս դնելու Հիմնարկի ծառայութեանց ծանօթացման եւ աշխատանքներուն։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամին բնաբան ընտրած էր շարականագիրին հետեւեալ բառերը, «Եկէ՛ք, բոլոր ազգեր ու ժողովուրդներ. եկէ՛ք, որ ցնծութեամբ տօնենք Ս. Եկեղեցւոյ հաստատումին նաւակատիքը եւ բարեբանենք Տէրը»։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նշեց, որ այսօր Ս. Յարութեան երրորդ Կիրակին է, որ կը կոչուի Աշխարհամատրան կամ Կանաչ Կիրակի, որ հաստատումն է սիրոյ, տիեզերական եղբայրութեան եւ խաղաղութեան վրայ հաստատուած Քրիստոսի եկեղեցիին։ «Տխուր յիշատակներով լեցուն Վերնատունը Քրիստոսի Յարութեամբ վերածուեցաւ յոյսի ու յաղթանակի յիշատակի մը, որովհետեւ Ս. Հոգիին շնորհքներով նոյն Վերնատունը դարձաւ Աշխարհամատուռ՝ աշխարհի մէջ հաստատուած առաջին եկեղեցին, այլ խօսքով աշակերտներուն առաքելութեան զսպանակիչ ուժն ու Քրիստոսի յաղթական եկեղեցւոյ սկիզբը», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։ Խօսելով Կանաչ Կիրակի անուանումին մասին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նշեց, որ Քրիստոսի անունով նոյն հաւատքը դաւանող, նոյն սէրը ապրող եւ եղբայրութեան նոյն ոգին ունեցող եկեղեցիին ծաղկման ու արգասաւորման յիշատակումն է այս Կիրակին, զոր մեր հայրապետները նմանցուցած են նորափթիթ բնութեան թարմութեան եւ կանաչացման, եւ որուն առաջին հետեւորդներն ու շարքերը խտացնողները մենք եղած ենք։ Ապա, խօսքը ուղղելով ներկաներուն, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հարց տուաւ. «Արդեօք նոյն ոգիով կը տօնախմբե՞նք այս տօնը», եւ հաստատեց, որ եթէ Քրիստոսի հաւատքին թելադրած անանձնական սէրը, քրիստոնէական եղբայրութիւնն ու տիեզերական խաղաղութիւնը դարձուցած ենք մեր առաջնորդները, ուրեմն նոյն ոգին համակած է մեզ։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յորդորեց ներկաները, որ ապրին աստուածահաճոյ կեանքով, օրինակ առնեն Քրիստոսի առաքեալներուն կենցաղը, տոգորուին Ս. Հոգիին ներշնչումով, սիրոյ, եղբայրասիրութեան ու տիեզերական խաղաղութեան դեսպանները դառնան այս աշխարհին մէջ եւ վերանորոգ հաւատքով թաղեն հին մարդն ու ապրին որպէս հաւատքի նորածին մանուկներ։

Արարողութենէն ետք, Հ. Օ. Հիմնարկի ներկայացուցիչները եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ ծանօթութիւններ տուին իրենց մատուցած մարդասիրական ծառայութեան մասին։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022