Հանրապետական Մաղթանք Եւ Եռագոյն Դրօշի Օրհնութիւն Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 103-Րդ Տարեդարձին Առիթով

Կիրակի, 30 Մայիս 2021-ին, Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց, որուն ընթացքին նաեւ կատարեց Եռագոյն Դրօշի հանդիսաւոր օրհնութիւն՝ աղօթակից ունենալով Գերշ. Տ. Եփրեմ Ս. Արք. Թապագեանը եւ Գերշ. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանը: Առաջնորդ Սրբազանն ու բարձրաստիճան հոգեւոր հայրերը միասնաբար առ Աստուած բարձրացուցին նաեւ Գոհաբանական աղօթք, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 103-րդ տարեդարձին առիթով, ապա Թորգոմ Եպս. խօսեցաւ հոգեպարար քարոզ եւ վեր առաւ 28 Մայիս 1918-ի յաղթապանծ ոգին՝ ըսելով. «Հակառակ մեր ազգի կեանքէն ներս զանազան փորձութիւններու ներկայութեան, Աստուած ճամբայ ցոյց տուաւ մեր ժողովուրդին, որպէսզի փշրէ իր ստրկութեան շղթաները, կանգնի ոտքի եւ քալէ դէպի յառաջ ու տեսնէ ազատ անկախ իր հայրենիքը՝ Հայաստանը, որ ամբողջ դարեր դրացի պետութիւններու թշնամական յարձակումներուն ենթակայ եղած է, բայց մեր ժողովուրդը մնայուն կերպով իր արեան գնով պաշտպանած է Աստուծոյ կողմէ իրեն տրուած հայրենեաց սուրբ հողը, որուն համար զոհուած են ոչ թէ բազմահազար, այլ բազմամիլիոն հայորդիներ, որոնց նահատակուած կեանքին շնորհիւ այսօր մենք ունինք Հայաստան անուն հայրենիք սրբութիւնը»:

Իր խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը նաեւ ոգեկոչեց յիշատակը մայիսեան յաղթանակի կերտիչ, ղեկավար Արամ Մանուկեանի, որ համայն հայութիւնը ոտքի հանեց ընդդէմ թրքական բանակներու եւ հիմը դրաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան: Ունեցանք ազատ անկախ Հայաստան, ունեցանք Եռագոյն դրօշ, որ ոչ միայն ծածանեցաւ ձօղերու վրայ, այլեւ իւրաքանչիւր հայ մարդու եւ ընտանիքի, ընկերութիւններու եւ միութիւններու մէջ եւ յատկապէս սփիւռքեան կեանքէն ներս, ուր, շնորհիւ Կիլիկիոյ Հայրապետական դարաւոր Աթոռին եւ Սփիւռքի ղեկավարութեան, միշտ մնայուն ներկայութիւն եղաւ՝ իբրեւ ազգի ու հայրենիքի խորհրդանիշ, նաեւ ա՛յն տասնամեակներուն, երբ Հայաստանի մէջ արգելափակուած էր:

Շարունակելով իր քարոզը, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ նաեւ արցախեան վերջին պատերազմին եւ նշեց, որ թէեւ բազմահազար հայորդիներ իրենց արիւնը միւռոնաբար հեղեցին Արցախի եւ Հայաստանի հողերուն վրայ, սակայն անհաւասար այս կռիւը աւարտեցաւ հայկական կողմի պարտութեամբ եւ հողային կորուստով, բայց եւ այնպէս, «եթէ մենք ազգովին միաբանինք, Աստուած դարձեալ ուժ կու տայ մեզի, որպէսզի անգամ մը եւս տէրը դառնանք մեր հողերուն, որոնք ձրի չտրուեցան մեզի, այլ շահուեցան մեր զաւակներուն, եղբայրներուն ու քոյրերուն թափած արեամբ: Մեզի կը մնայ միաբանիլ Աստուածընկալ Ս. Խաչին ներքեւ եւ քով-քովի գալ այս սուրբ դրօշի օրհնութեան ներքեւ, որպէսզի կարենանք մեր ուժերը միացնել եւ լարել զանոնք ոչ թէ իրարու դէմ, այլ՝ իրարու հետ մեր թշնամիին դէմ եւ ազատագրել ազերիաթրքական կողմին խլած հողերը, պաշտպանել հայ ժողովուրդը եւ որպէս հայ մարդ, ազգ ու հայրենիք վերստին տէրը կանգնիլ մեր դարաւոր սրբութիւններուն», յորդորեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022