Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 28-րդ տարեդարձին առիթով, Կիրակի, 22 Սեպտեմբեր 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Հանրապետական Մաղթանք եւ Եռագոյն դրօշի օրհնութիւն պիտի կատարուի մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։
Կոչ կþուղղենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ ներկայ ըլլայ Ս. Պատարագին եւ Հանրապետական Մաղթանքի արարողութեան, աղօթք բարձրացնելու ի խնդիր մեր հայրենիքի ապահովութեան, հզօրացման եւ բարգաւաճման։