Հայաստանի անկախութեան 26-րդ տարեդարձին առիթով, եւ տնօրինումով Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Կիրակի, 24 Սեպտեմբեր 2017-ին, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Հանրապետական Մաղթանք պիտի կատարուի Հայաստանի անկախութեան 26-րդ տարեդարձին առիթով։
Առաջնորդ Սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, պիտի կատարէ Հանրապետական Մաղթանքը, Եռագոյն դրօշի օրհնութիւնը եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։
Կոչ կ’ուղղենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ ներկայ ըլլայ Ս. Պատարագին եւ Հանրապետական Մաղթանքի արարողութեան, աղօթք բարձրացնելու ի խնդիր մեր հայրենիքի ապահովութեան, հզօրացման եւ բարգաւաճման։