Կիրակի, 26 Մայիս 2019-ին, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Հանրապետական Մաղթանք եւ եռագոյն դրօշի օրհնութիւն կատարուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 101-ամեակին առիթով։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ Հանրապետական Մաղթանքի արարողութեան, կատարեց եռագոյն դրօշի օրհնութիւնը եւ ուղղեց իր պատգամը։
«Ուրախ Լեր» շարականին երգեցողութեամբ, եռագոյն դրօշը թափօրով բերուեցաւ եկեղեցւոյ խորանին առջեւ։ Գոհաբանական մաղթանքի արարողութեան ընթացքին, աղօթք բարձրացուեցաւ Աստուծոյ, որ պահէ ու պահպանէ, զօրացնէ, աճեցնէ ու անսասան պահէ Հայոց Հանրապետութիւնը, հայրենիքը եւ Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցին, օրհնէ եռագոյն նուիրական դրօշը, օրհնէ մեր հայրենիքի իշխանութեան պատասխանատուները եւ անոնց շնորհք, իմաստութիւն եւ խոհեմութիւն պարգեւէ, մեր զինուորները քաջութեամբ եւ արութեան ոգիով պահէ եւ բոլորին սրտերուն մէջ աղբերացնէ մարդասիրութեան եւ ազգասիրութեան զգացումը։
Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամը սկսաւ աղօթելով Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտիչներու յիշատակին, ինչպէս նաեւ այս հիւրընկալ երկրի անկախութեան, ազատ եւ բարգաւաճ կեանքի համար զոհուած բոլոր զինուորներուն յիշատակին, խնդրելով Ամենակալ Տիրոջմէ, թէ՛ մեր Հայրենիքի պետութեան եւ թէ՛ այս երկրի ղեկավարներուն խոհեմութիւն եւ իմաստութիւն պարգեւէ, որպէսզի իրենց պատասխանատուութեան սահմաններուն մէջ յանուն արդարութեան, յանուն ժողովրդավարութեան, արդար ճանապարհով ընթանան եւ իրենց առաքելութեան ուղին Իր հովանիին ներքեւ պահէ ընդմիշտ եւ յաւիտեան։
«Մեր պատմութիւնը, անցեալին ու այսօր, եղած է անհաւասար ճակատումներէ յաղթական ելլելու դիւցազնավէպ մը, որովհետեւ բոլոր դարերուն եւ այսօ՛ր ալ ունինք հերոսներ, որոնք իրենց էութեան միաձուլած են «մահ իմացեալ անմահութիւն է» պատգամը: Բոլորս ալ գիտենք, որ մեր ինքնապաշտպանութեան ու արդարութեան ձգտող ճակատումները վերջ չեն գտած, այլ կը շարունակուին Հայաստանի ու Արցախի սահմաններուն վրայ եւ Սփիւռքի տարածքին: Ուստի, հարկ է, որ մենք միշտ աղօթենք որ Տէրը աւելցնէ շնորհքն ու իմաստութիւնը մեր իշխանութեան պատասխանատուներուն, որպէսզի ուղիղ դատաստանով եւ արդարութեամբ առաջնորդեն մեր ժողովուրդը։ Մեր մաղթանքն է ազգովին թիկունք կանգնիլ բարեշրջական այն երթին որ բացուեցաւ աւելի քան տարի մը առաջ, զոր պէտք է պահել արդարութեան, անաչառութեան, մարդկային իրաւանց եւ ժողովրդավառութեան ճիշդ ուղիին մէջ», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազան, եւ եզրափակեց խնդրելով Աստուծմէ, որ մեզ հաստատ պահէ մեր երթին մէջ եւ դարձնէ արժանաւոր ուխտապահները մեր անկատար տենչերուն ու ազգային հանգանակներուն իրականացման:
Ս. Պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի, Բաշ Ապարանի եւ այլ ճակատամարտներուն ինկած հերոսներուն հոգիներու խաղաղութեան համար։