Հայաստանի Հանրապետութեան 98րդ Տարեդարձին Առիթով Հանրապետական Մաղթանք Թեմիս Եկեղեցիներուն Մէջ


Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 98րդ տարեդարձը Կիրակի, 29 Մայիս 2016ին պատշաճ շուքով նշուեցաւ Արեւմտեան մեր Թեմին մէջ: Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինութեամբ, մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, Ս. Պատարագի պահուն, տեղի ունեցաւ Հանրապետական Մաղթանք, իսկ աւարտին՝ հոգեհանգիստ կատարուեցաւ հայրենիքի պաշտպանութեան ու հանրապետութեան կերտումին ճամբուն՝ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսէի եւ զուգահեռ ճակատամարտերուն, ինչպէս նաեւ Արցախի նորօրեայ ճակատումներուն նահատակուած բոլոր հերոսներուն յիշատակին:

Առաջնորդ Սրբազանը հանդիսապետեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, կատարելով նաեւ Եռագոյն դրօշի օրհնութիւնը: Պատարագիչն էր Թեհրանի հայոց Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, որ հիւրաբար մեր Թեմը կը գտնուի: Ս. Պատարագին ներկայ էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան երիցագոյն անդամներէն՝ Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեան, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տիար Խաժակ Տիքիճեան, շրջանաւարտ Ազգ. Վարչութեան փոխ ատենապետ Դոկտ. Տիգրան Պապիկեան եւ ժողովականութեան անդամներ:

Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան ողջունեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ պատարագիչ Սրբազան Հօր ներկայութիւնը, ու շնորհաւորեց Առաջնորդ Սրբազանը՝ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովին կողմէ 6րդ անգամ թեմակալ Առաջնորդ վերընտրութեան առիթով, մաղթելով բարի երթ իր առաքելութեան մէջ:

Ապա, «Ուրախ Լեր» շարականին երգեցողութեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներն ու արենոյշները Հայաստանի ու Արցախի դրօշները թափօրով առաջնորդեցին դաս, ուր Առաջնորդ Սրբազանը, Սրբազան հայրերուն աղօթակցութեամբ, կատարեց Հանրապետական Մաղթանքն ու դրօշին օրհնութիւնը: Արարողութեան ընդմէջէն, անդրադարձ եղաւ Ցեղասպանութեան ու տարագրութեան պայմաններէն ետք Հայաստանի պատմական հողին վրայ հանրապետութեան ստեղծման հրաշքին, ապա, սաղմոսի ու աւետարանէն հատուածներու ընթերցումէն ետք, աղօթք բարձրացուեցաւ առ Աստուած, որպէսզի օրհնէ իրեն ապաւինող հայրենիքի ծառայողները: Աղօթքը աղերս կը ներկայացնէ Աստուծոյ, որպէսզի «լսէ մեր ամէնուն աղաչանքը եւ զօրացուր, աճեցուր ու անսասան պահէ քու փառաբանութեամբդ վերականգնած Հայոց Հանրապետութիւնը: Օրհնէ՛ անոր Եռագոյն նուիրական դրօշը: Օրհնէ բոլոր անոնք, որոնք մեր հայրենիքի իշխանութեան պատասխանատուութեան կոչուած են, եւ անոնց շնորհք, իմաստութիւն եւ խոհեմութիւն պարգեւէ, որպէսզի խոհական իմաստութեամբ եւ արդարութեամբ առաջնորդեն ու կառավարեն արդարութեան եւ խաղաղութեան ծարաւի մեր ժողովուրդը: Մեր զօրավարներուն, զօրականներուն եւ զինուորներուն քաջութեան ու արութեան ոգի պարգեւէ: Մեր մէջ սրբութեան եւ զգօնութեան սէր եւ իմաստութիւն արմատացուր՝ յօրժամ կատարելու համար մեր պարտականութիւնները եւ մեր ազգին օգտակար բոլոր աշխատանքները…»: Արարողութեան աւարտին, հաւատացեալներուն երգակցութեամբ հնչեց «Մեր Հայրենիք»ը:

Արարողութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը գոհութիւն եւ փառք տուաւ Աստուծոյ, մեր պետականութեան հաստատման ու վերականգնումին համար, շնորհակալութիւն յայտնեց վերընտրութեան առիթով շնորհաւորանքի ու բարի մաղթանքի արտայայտութեանց համար, իր կարգին շնորհաւորելով Կրօնական Ժողովի ու Ազգ. Վարչութեան ընտրեալ կազմերը, վստահութիւն յայտնելով, որ մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին ծառայական աշխատանքը պիտի շարունակուի համերաշխութեամբ եւ գործակցութեամբ: Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ ողջունեց Եփրեմ Սրբազանն ու պատարագիչ Սրբազանը, որ հիւրաբար մեր Թեմը կը գտնուի, ու բարի կեցութիւն մաղթեց անոր:

Պատարագիչ Սրբազանը իր քարոզին մէջ շնորհաւորեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդը՝ 6րդ շրջանի մը համար վերընտրութեան առիթով, ու բարի երթ մաղթեց անոր առաքելութեան, Թեհրանի Թեմի ժողովականութեան ու հաւատացեալներուն ողջոյնները փոխանցեց ներկաներուն, ապա անդրադարձաւ Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան ստեղծման պայմաններուն, Սարդարապատով ու զուգահեռ ճակատամարտներով շահուած անկախութեան եւ յաջորդ սերունդներուն իբրեւ աւանդ հասած անժամանցելի արժէքներուն: Ան նշեց, որ Ապրիլի առաջին օրերուն, Արցախի սահմաններուն վրայ տեղի ունեցած հայրենապաշտպան ճակատումները նորագոյն էջերը կազմեցին հայրենիքին ու հաւատքի համար մղուած պաշտպանական կռիւներով կերտուած մեր պատմութեան մէջ, ու շեշտեց, որ այսօրուան աշխարհի իրադրութիւնները կը հարկադրեն, որ պէտք է միշտ պատրաստ ըլլանք ամէն հաւանականութեան, պատրաստ՝ ամէն տեսակի զոհաբերութեան՝ ի խնդիր հայրենի հողին ու ժողովուրդին պաշտպանութեան, Հայաստանի բարգաւաճման: Ան մաղթեց, որ մեր պետութեան ու պաշտպանութեան պատասխանատուները շարունակեն հայրենանուէր ու հայրենաշէն առաքելութիւնը:

Յաւարտ Ս. Պատարագի, տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտումի ճամբուն, ինչպէս նաեւ վերանկախացած մեր հայրենիքի պաշտպանական ճակատումներուն ինկած անցեալի ու նորօրեայ բոլոր հերոսներուն յիշատակին:

Նշենք, որ Սեպուհ Սրբազանը Ուրբաթ, 27 Մայիսի երեկոյեան, Պըրպէնքի «Մարտիրոսեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ հանդիպում ունեցած էր նախկին իրանահայերու հետ:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022