7 Դեկտեմբեր 2016-ը Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած աղէտալի երկրաշարժին 28րդ տարելիցն է, որուն ընթացքին զոհուեցան աւելի քան 25,000 հայորդիներ եւ աւերակ դարձան Սպիտակը, Կիւմրին, Վանաձորն ու յարակից շրջանները։
Չորեքշաբթի, 7 Դեկտեմբերին, Թեմիս Ազգ. Վարժարաններուն մէջ նշուեցաւ երկրաշարժի 28րդ տարելիցը, իսկ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան արարողութիւն տեղի ունեցաւ՝ մասնակցութեամբ Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս Վարժարանի աշակերտութեան։
Այս առթիւ, Կիրակի, 11 Դեկտեմբերին, տնօրինութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ «Տէր Ողորմեա»ի աղօթք պիտի բարձրացուին երկրաշարժի անմեղ զոհերու յիշատակին։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պիտի ըլլայ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ ծխական համայնքին հետ, իսկ յետմիջօրէին, պիտի հանդիսապետէ բարերար Հէնք Խաչատուրեանի տիկնոջ՝ Ռիթա Խաչատուրեանի մահուան յիշատակի արարողութեան։