Շաբաթ, 18 Մայիս 2018-ին, Սանթա Մոնիքայի Ս. Պօղոս եւ Ս. Պետրոս Ղըպտի Ուղղափառ եկեղեցին հիւրընկալեց «Ուղղափառ Փառաբանութեան Օր»ուան 12-րդ տարեկան հաւաքը, մասնակցութեամբ Հայաստանեայց Առաքելական, Ղըպտի, Ասորի, Սերպիոյ, Անտիոքի, Հնդիկ Մալաբար, Ռուս եւ Եթովպիոյ Ուղղափառ Եկեղեցիներու անդամներուն։
Առաւօտուն մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, ապա տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշի, որուն ընթացքին մասնակիցները առիթ ունեցան իրարու ծանօթանալու։ Այնուհետեւ, իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ երգչախումբ իր մայրենի լեզուով ներկայացուց քանի մը շարականներ ու հոգեւոր երգեր։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինութեամբ, Ազգ. Առաջնորդարանի «Լուսաւորիչ» երգչախումբը, խմբավարութեամբ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեանի, այս տարի եւս մասնակցեցաւ հաւաքին, ներկայացնելով «Հայր Մեր», «Բա՛ց մեզ Տէր», «Տէր, Ողորմեա՛» եւ «Սուրբ, Սուրբ» շարականները։