Արցախի հոգեւորական ու պետական աւագանիի ներկայացուցիչներուն ի պատիւ՝ Արեւմտեան մեր Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի յարկին տակ Չորեքշաբթի, 27 Նոյեմբերի կէսօրին կազմակերպուած պաշտօնական հիւրընկալութիւնն ու ճաշի հանդիպումը նոր առիթ մը եղաւ Արցախի վերականգնումին ու ապահովութեան մեր զօրակցութեան, որուն նորագոյն արտայայտութիւնը կոչուած էր ըլլալու յաջորդ օրն իսկ նախատեսուած «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Թելեթոնը։ Հանդիպումի ընթացքին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան յայտարարեց, որ արձանագրուած խոստումները վաղը գործնական արտայայտութիւն պիտի գտնեն Թելեթոնի ընթացքին։
Հանգանակային այս արշաւին առիթով, տարիներու աւանդութիւն է, որ Արցախի Նախագահը, Թեմակալ Առաջնորդն ու այլ անձնաւորութիւններ Լոս Անճելըս այցելեն. նմանապէս բարի աւանդութիւն է, որ կեցութեան ընթացքին՝ անոնք այցելութիւն տան Ազգային Առաջնորդարան եւ վայելեն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, ժողովականութեան, հայկական կազմակերպութեանց ու միութեանց, բարերարներու եւ բարեկամներու հիւրասիրութիւնը։
Այս ծիրին մէջ, Արցախի նախագահ Բագօ Սահակեան եւ իր շքախումբը Ազգային Առաջնորդարան այցելեցին Չորեքշաբթի կէսօրին։ Անոնց կ՚ընկերանային Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Սերգէյ Սարգիսով, Արցախի նախագահի խորհրդական Տիար Գէորգի Պետրոսեան, Ուաշինկթընի մօտ Արցախի հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Ռոպէրթ Աւետիսեան, Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի փոխ հիւպատոս Արտակ Գալստեան, Արցախի նախագահի տեղեկատուութեան բաժանմունքի անձնակազմի վարիչ Դաւիթ Պապայեան, «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տիար Անդրանիկ Պաղտասարեան եւ այլ պատասխանատուներ։
Յարգելի հիւրերը առաջին հերթին հիւրընկալուեցան «Սիւլահեան» Դահլիճին մէջ, ուր Առաջնորդ Սրբազանն ու յարգելի նախագահը փոխանակեցին ողջոյնի խօսքեր. ներկայ էին ժողովականութեան, կազմակերպութեանց, միութեանց ու կրթական համակարգի ներկայացուցիչներ։ Պաշտօնական այս հանդիպումէն ետք, անոնք միացան Ազգ. Առաջնորդարանի մեծ ընտանիքի ներկայացուցիչներուն, որոնք սեղանակցութեան համար համախմբուած էին «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ։ Առաջնորդ Սրբազանին կողքին էին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան, մեր Թեմի Կրօնական Ժողովի ու Ազգային վարչութեան անդամներ, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչներ, Ազգ. Առաջնորդարանի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ, եկեղեցիներու հովիւներ եւ հոգաբարձութեանց ատենապետներ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի, ՀՕՄի, Համազգայինի Շրջանային Վարչութեանց ներկայացուցիչներ, Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի եւ CASPSի ներկայացուցիչներ եւ տնօրէններ, Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի անդամներ, ինչպէս նաեւ Ազգ. Առաջնորդարանի բարերարներ ու բարեկամներ։
Հանդիսավարութիւնը կատարեց Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան։ Ան ողջունեց պաշտօնական հիւրերուն ու Ազգ. Առաջնորդարանի բարեկամներուն ներկայութիւնը, ու հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը կատարելու սեղաններու օրհնութիւնը։
Առաջնորդ Սրբազանը ներկաները հրաւիրեց միասնաբար արտասանելու Տէրունական Աղօթքը։ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տիար Խաժակ Տիքիճեան ներկաները հրաւիրեց բաժակ բարձրացնելու նախագահին ու Արցախի ժողովուրդին կենացը։ Ներկաներէն՝ ծանօթ լուսանկարիչ Տիար Ցոլակ Յովսէփեան իր գործերուն նոր հրատարակուած ալպոմէն օրինակներ նուիրեց նախագահ Սահակեանի, Տիար Գէորգի Պետրոսեանի եւ շքախումբի այլ անդամներու։
Հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց Ազգ. Վարչութեան ատենապետուհի Տիկին Ռիմա Պօղոսեանը արտասանելու ողջոյնի խօսքը։ Նախագահ Սահակեանի ու շքախումբին Ազգ. Առաջնորդարան ներկայութիւնը ուրախալի առիթ նկատելով եւ ողջունելով՝ Տիկին Ռիմա Պօղոսեան հպարտութեամբ խօսեցաւ Արցախի հերոսական ժողովուրդին ու անոր ղեկավարութեան մասին, ընդգծելով, որ այս տարուան թելեթոնին եւս, ինչպէս անցեալի հանգանակային նախաձեռնութիւններուն առիթով, Միացեալ Նահագներու այս ափերու եւ ամբողջ սփիւռքի հայութիւնը պիտի զօրակցի հայրենաշինութեան գործին։ Ան անդրադարձաւ Վարդենիս-Մարտակերտ ճամբու շինութեան կարեւորութեան, այս ծրագիրին իրագործման համար նուիրաբերումը նկատեց ազգային պարտականութիւն։ Տիկին Պօղոսեան դրուատեց նաեւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Լոս Անճելըսի եւ բոլոր շրջաններու աշխատակազմի նուիրեալ ծառայութիւնը, եւ յաջողութիւն մաղթելով նախագահին ու գործակիցներուն՝ խնդրեց մեր ողջոյնները փոխանցել Արցախի հերոսական ժողովուրդին։
Ճաշի հիւրասիրութենէն ետք, արտասանուեցան սրտի խօսքեր։
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տիար Անդրանիկ Պաղտասարեան ողջունեց հիւրերն ու հիւրընկալները, վեր առաւ Արցախի պաշտպանութեան գործին նուիրուած պետական պատասխանատուներուն թէ բանակին զինուորագրեալներու զոհաբերումը, ընդգծելով, որ Արցախի պաշտպանութիւնը կը կատարուի սահմանափակ միջոցներով, որուն ողջ հայութեան մասնակցութեան համար վաղուան թելեթոնը կարեւոր առիթ է, որովհետեւ Վարդենիս-Մարտակերտ ճամբան ունի նաեւ ապահովութեան նշանակութիւն։ Այս մօտեցումով ալ, ան կոչ ուղղեց լիաբուռն մասնակցելու թելեթոնին։
Սրտի խօսք արտասանելու հրաւիրուեցաւ Հ.Յ.Դ. Կեդր. Կոմիտէի ներկայացուցիչ Տոքթ.
buy viagra soft online www.mydentalplace.com/wp-content/themes/twentytwelve/inc/en/viagra-soft.html no prescription
Վիգէն Յովսէփեան։ Ան հաստատեց, թէ այս սրահին մէջ համախմբուած ներկայացուցիչներն ու ընդհանրապէս արեւմտեան մեր շրջանի հայութիւնը զինուորագրեալներն են հայրենակերտումի գործին։ Ան նշեց, որ անցեալին կար «հայապահպանում» գաղափարը, իսկ վերջին տարիներուն, աւելի տիրական դարձած է ազգակերտումն ու հայակերտումը, որ պահպանումէ անդին կ՚անցնի։ Մեր դպրոցները, միութիւններն ու բարերարները իրենց լումաներով մասնակից են սերնդակերտումի առաքելութեան, պատրաստելու սերունդներ, որոնք կը ծառայեն մեր գաղութին մէջ, կամուրջներ կը հաստատեն հայրենիքին հետ եւ մասնակից են Արցախի գոյամարտին։ Տոքթ. Յովսէփեան նկատել տուաւ, որ քիչեր ծանօթ են այն մարտահրաւէրներուն, որոնք կը կանգնին Արցախի նախագահին ու ղեկավարութեան դիմաց, հայրենիքի պաշտպանութեան ու վերականգնումի գործին մէջ։ Ան շեշտեց, որ նախագահն ու գործակիցները լծուած են սրբազան աշխատանքի, Արցախը կը հանդիսանայ մեր ազգային իտէալներու իրականացման առանցքային մէկ օղակը, եւ ինք ներկաներուն անունով կը վստահեցնէ, թէ մեր ժողովուրդը միասնաբար լծակից է արցախցիներու պայքարին, միասնաբար պիտի կերտենք մեր իտէալներուն հասցնող շղթան, որոհետեւ Արցախն ու արցախցի ժողովուրդը մեր սիրտերուն մէջ է։
Ողջոյնի խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանը։ Ան ըսաւ, որ ինչպէս «Սիւլահեան» սրահին մէջ, նոյնպէս ալ այս բեմէն բարի մաղթանքներով կ՚ողջունէ նախագահն ու շքախումբի անդամները, եւ դրուատիքով արտայայտուեցաւ նախագահ Սահակեանի հերոսական վաստակին, նուիրումին ու համեստութեան մասին։ Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ տարիներէ ի վեր, Գոհաբանութեան տօնը առիթ կը ծառայէ ոչ միայն հաղորդակցելու Արցախի ներկայացուցիչներու հետ, այլ նաեւ մասնակցութիւն բերելու հայրենաշինութեան նուիրական գործին։ Առաջնորդ Սրբազանը այս առիթով նաեւ բարի ապաքինման մաղթանք ուղղեց Արցախի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանի, որ վաղը՝ Թելեթոնին ներկայ պիտի ըլլայ իր պատգամով ու յորդորներով։
Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ այս սրահին մէջ համախմբուած՝ Ազգ. Առաջնորդարանի մեծ ընտանիքին անդամները՝ հոգեւորականներ, ժողովականութեան անդամներ, կրթական համակարգի, հայկական կազմակերպութեանց ու միութեանց ներկայացուցիչներ, բարերարներ ու բարեկամներ վաղը բոլորանուէր մասնակցութիւն պիտի ունենան թելեթոնին, գործնապէս զօրակցելով Արցախին։ Ան յայտարարեց, նուիրաբերումին պիտի մասնակցին բարերարներ ու բարեկամներ, որոնք այս պահուս ներկայ չեն մեզի հետ, իսկ այս ճաշի պահէն առաջ, ներկայ բարերարներու, բարեկամներու Ազգ. Առաջնորդարանի ընտանիքի անդամներուն հետ «պզտիկ փորձով մը» ապահովուած է շուրջ 100,000 տոլարի խոստում, ինչ որ թելեթոնի պահուն պիտի վերածուի գործնական նուիրաբերումի։ Վերջապէս, Առաջնորդ Սրբազանը յաջողութիւն մաղթեց Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիի շինութեան աշխատանքներուն, որոնք պիտի նպաստեն Արցախի կենսամակարդակին բարելաւման։
Նկատի ունենալով, որ Հայաստանի նոր գլխաւոր հիւպատոսը առաջին անգամ ըլլալով կ՚այցելէր Ազգ. Առաջնորդարան, Առաջնորդ Սրբազանը անոր նուիրեց Կիլիկիոյ Փրկուած Գանձերու յուշամատեան-ալպոմէն օրինակ մը, հրատարակութիւն՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան։ Ապա, Առաջնորդ Սրբազանը հրաւիրեց նախագահ Սահակեանը ուղղելու իր պատգամը։
Արցախի նախագահը գոհունակութիւն արտայայտեց, որ հայութեան զաւակներու հետ նման հանդիպումներ յաճախ տեղի կ՚ունենան յոբելենական առիթներով, վերջերս նշուեցան Հայաստանի անկախութեան, Շուշիի ազատագրման 20ամեակները, իսկ 2013 տարին 25ամեակն է Արցախի ազատագրական շարժումի սկզբնաւորման։ Ան կանգ առաւ հայութեան երկու մեծ հատուածներուն միջեւ արդիւնաւոր գործակցութեան վրայ, ինչ որ իւրայատուկ եւ օրինակելի երեւոյթ է։ Լոս Անճելըս իր այս այցելութեան առիթով՝ հայ մանուկներու եւ պատանիներու հետ իր ունեցած հանդիպումներուն ակնարկելով՝ ան դրուատիքով խօսեցաւ անոնց մէջ հայրենասիրութեան ու հայկականութեան խարսխումի աշխատանքին մասին, ինչ որ ապացոյց է որ հայրենիքէն դուրս սերունդներ կը դաստիարակուին հայրենիքին համար։ Նախագահ Սահակեան այնուհետեւ անդրադարձաւ Արցախի հիւսիսային մայրուղիի կառուցման աշխատանքին, շեշտելով, որ անիկա սոսկական ճամբայ չէ, այլ մաս կը կազմէ հայութեան յաւերժական կեանքի ճանապարհին։ Նախագահ Սահակեան անդրադարձաւ Արցախեան Պայքարին եւ շեշտեց, որ այսուհետեւ պիտի չհանդուրժենք որեւէ ողբերգութիւն, ու հայրենակերտումը պիտի կատարուի ի գին զրկանքներու։ Վերջապէս, ան ընդգծեց, որ նախնիներէն ժառանգուած գաղափարները այսօրուան սերունդներուն կ՚ապահովեն հզօր զէնքեր, որոնք աւելի ազդու եւ ուժեղ են, քան մեզի ծանօթ զէնքներն ու հրետանիները, եւ եզրափակեց այն համոզումով, որ բոլորս կը պատկանինք նոյն շարքերուն, թէեւ կը գտնուինք աշխարհագրական տարբեր շրջաններու եւ տարբեր ճակատներու վրայ. ան կոչ ուղղեց երթը շարունակելու նոյն կամքով եւ հայրենասիրութեամբ։
Նախագահի խօսքի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը անոր յանձնեց Վաչէ Առաքելեանի արուեստի գործերէն յուշանուէր մը՝ գեղակերտ խաչ մը։ Նախագահ Բագօ Սահակեան յայտարարեց, որ այս խաչը պիտի նուիրէ Արցախի հարաւային շրջանին մէջ կառուցելի այն եկեղեցւոյ, որուն համար փափաք ներկայացուցած են այդ շրջանին մէջ հաստատուած սուրիահայերը։
Հանդիպումը «Պահպանիչ»ով փակելէ առաջ, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին մասին, որ յաջող կերպով կազմակերպած էր այս հիւրընկալութիւնը։
Նշենք, որ յաջորդ օրը, Թելեթոնի պահուն, նախագահ Բագօ Սահակեան յուշանուէր մը յանձնեց Առաջնորդ Սրբազանին։