Ցեղասպանութեան 100ամեակի տարին՝ 2015ը կը մօտենայ իր վախճանին. տարեվերջի օրերը պատեհ առիթ են ընդհանուր ակնարկ մը նետելու տարուած աշխատանքին վրայ եւ հունաւորելու յառաջիկայ քայլերը:
Արդ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ Ազգային Վարչութիւնը հրաւէր ուղղած էին Արեւմտեան մեր Թեմի ծխական շրջաններու ներկայացուցիչներուն՝ Ազգային Երեսփոխաններուն, հոգաբարձութեանց, տիկնանց միութեանց, դպրաց դասերու անդամներուն, Կիրակնօրեայ դպրոցներու դաստիարակներուն եւ այլ ծառայողներու, որպէսզի խորհրդակցական հանդիպումի մը պահուն միասնաբար ընդհանուր գնահատական մը կատարեն ոգեկոչական նախաձեռնութիւններուն:
Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ կից «Աւետիսեան» սրահին մէջ, Երեքշաբթի, 8 Դեկտեմբեր 2015ի երեկոյեան, Ս. Նահատակներու աճիւններուն օրհնութեան արարողութենէն ետք: Առաջնորդ Սրբազանին, հոգեւորականաց դասու եւ Ազգային Վարչութեան անդամներու կողքին, ներկայ էր Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տիար Խաժակ Տիքիճեան: Ներկայ էին նաեւ Տէր եւ Տիկին Օսկօ եւ Երան Կիրակոսեան բարերար ամոլն ու ընտանիքի անդամները:
Հանդիպումին բացումը կատարելով, Առաջնորդ Սրբազանը ներկաները ողջունեց խորհրդաւոր ու հոգելից այն մթնոլորտին մէջ, որ տիրապետած էր նախընթաց արարողութեան պահուն: Ան յիշեցուց, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս 2015 տարին հռչակած էր Ցեղասպանութեան 100ամեակի տարի, հետեւաբար, ներկաներուն հակիրճ զեկուցումներ պիտի տրուին 100ամեակի այն գլխաւոր նախաձեռնութիւններուն մասին, որոնք տարուան ընթացքին տեղի ունեցան Ազգային Առաջնորդարանիս յարկին տակ, մեր Թեմի տարածքին թէ հայկական աշխարհին մէջ: Այս ծիրին մէջ, նահատակներու աճիւններու օրհնութեան արարողութիւնը ձեւով մը հանդիսացաւ նախաձեռնութեանց եզրափակումը, սակայն այս բոլորը այսօր մեզի չեն ներկայանար իբրեւ սոսկ իրագործում եւ անցեալի քայլեր, այլ առիթ են վերանորոգելու մեր ուխտն ու շարունակելու մեր երթը: Այս իմաստով, առաջին քայլերը առնուեցան Ազգ. Առաջնորդարանի օրացոյցով ու շարք մը ձեռնարկներով, որոնց ձօնուած էին նահատակներուն յիշատակին, եւ որոնց ատենին արձագանգ եղան Ազգ. Առաջնորդարանի պաշտօնաթերթը՝ «Հոգեւոր Պրիսմակ»ը եւ պատկերասփիւռի կիրակնօրեայ յայտագիրը, շրջանիս մամուլին զուգահեռ: Ազգ. Առաջնորդարանի Ցեղասպանութեան 100ամեակի տարուան վերջին ծրագիրը պիտի ըլլայ Առաջնորդարանի շրջափակին մէջ կառուցումը յուշակոթողի մը, որուն բարերարութիւնը յանձն առած է Տէր եւ Տիկին Օսկօ եւ Երան Կիրակոսեան ամոլը՝ քիչ առաջ տեղի ունեցած արարողութեան ընթացքին օրհնուած խաչերուն բարերարութեան կողքին:
Ազգ. Վարչութեան փոխ ատենապետ Դոկտ. Տիգրան Պապիկեան հակիրճ կերպով ներկայացուց ընդհանուր պատկերը այն ձեռնարկներուն, որոնք տեղի ունեցան Ազգ. Առաջնորդարանի յարկին տակ: Անոնց շարքին էին աշակերտական ասմունքի մրցումը, բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեանէն գիրքերու հրատարակումը, Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանի երկու գիրքերուն ողջունահանդէսը, Ուլիլըմ Սարոյեանի նուիրուած վաւերագրական ժապաւէնի մը ցուցադրումը՝ Առաջնորդարանին մէջ եւ կարգ մը դպրոցներու յարկին տակ:
Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան ներկայացուց հակիրճ պատկերը մեր գաղութի այն արարողութեանց ու հանդիսութեանց, որոնք տեղի ունեցան մեր գաղութին մէջ, եւ որոնց լիարժէք մասնակցութիւն ունեցաւ մեր Թեմը՝ իր եկեղեցիներով, դպրոցներով, ժողովականութեան ներկայացուցիչներով ու հաւատացեալներով: Անոնց շարքին էին միջ-եկեղեցական արարողութիւններ, 23 Ապրիլի երեկոյեան միացեալ Ս. Պատարագը, Ապրիլ 24ի հսկայական ցոյցը, Հայաստանի հիւպատոսարանին մէջ դրօշակի արարողութիւնն ու Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի եւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի յատուկ նիստերը, «Արարատ» Տան մէջ ոգեկոչական արարողութիւնն ու տակաւին, տարբեր շրջաններու մէջ յուշակոթողներու կառուցումը: Մեր գաղութի նախաձեռնութեանց ծիրին մէջ է նաեւ Կլենտէյլի մէջ թանգարանի մը կառուցման ծրագիրը, որ նոր ընթացք առած է եւ որ նիւթական պարտաւորութիւններու տակ կը դնէ նաեւ Ազգային Առաջնորդարանն ու անոր հովանին վայելող եկեղեցիները: Այս մասին Առաջնորդ Սրբազանը տուաւ յաւելեալ լուսաբանութիւններ, նշելով, որ անիկա պիտի կառուցուի Կլենտէյլի քաղաքապետութեան սրահին կողքին, պիտի իրագործուի հանգրուանաբար եւ պիտի կարօտի հսկայական պիւտճէի:
Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ անդրադարձաւ համահայկական այն նախաձեռնութիւններուն, որոնք իրականացան Անթիլիասի ու Հայաստանի մէջ, նահատակներու Սրբադասութեամբ եւ միւռոնօրհնէքի արարողութիւններով, ինչպէս նաեւ երկու Վեհափառ Հայրապետներուն ու Հայաստանի հանրապետութեան նախագահին Ուաշինկթըն այցելութեան օրերուն: Ան լուսաբանութիւններ տուաւ Ուաշինկթընի հանգրուանին նախապատրաստական երկարատեւ աշխատանքներուն մասին, որոնք տարուեցան Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան Թեմերուն միջեւ սերտ գործակցութեամբ եւ որոնք նա՛եւ նիւթական մասնակցութեան պարտաւորութիւն ստեղծեցին մեր Թեմին համար. ան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց մեր բարերարներուն, որոնք ընդառաջած են աջակցութեան կոչին, ի շարս որոնց՝ նոյնինքն Տիար Օսկօ Կիրակոսեան: Մեր Թեմէն ժողովականներ ու ազգայիններ մասնակից եղան ուաշինկթընեան արարողութեանց ու հանդիսութեանց, ինչպէս նաեւ Պիքֆայայի միւռոնօրհնէքին ու զուգահեռ հանդիսութեանց, ապա նաեւ Ս. Էջմիածինի միւռոնօրհնէքին: Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ 100ամեակի նախաձեռնութիւնները նոր մեկնակէտ են նահատակներու աւանդին հաւատարմութեան արտայայտութեան, որ պիտի շարունակուի, ապաւինելով սրբադասեալ նահատակներուն բարեխօսութեան: Ան շեշտեց, որ ներկաները պիտի դառնան այս պատգամը կենսաւորող դեսպաններ՝ իրենց ծխական շրջաններուն մէջ:
Խօսք առաւ նաեւ Տիար Խաժակ Տիքիճեան, որ հանգամանօրէն անդրադարձաւ Սիսի Կաթողիկոսարանի վերատիրացման համար Թուրքիոյ պետութեան դէմ բացուած դատին: Ան առաջին հերթին գոհունակութիւն յայտնեց, որ ներկայ եղած է աճիւններու օրհնութեան հոգեպարար արարողութեան, որ նահատակներու կտակին հաղորդակցութեան իւրայատուկ առիթ մը ստեղծած է այս երեկոյ: Խօսելով դատին մասին, ան շեշտեց, որ Վեհափառ Հայրապետը քաջարի քայլ մը առած է 100ամեակին առիթով, Թուրքիոյ պետութեան դէմ նոյնինքն Թուրքիոյ դատական ատեանին մէջ պահանջ դնելով, ու այս քայլով, մեր պահանջատիրութիւնը փոխադրելով իրաւական բեմ: Այս քայլը լոկ կալուածներու վերատիրացման դիտանկիւնէն պէտք չէ գնահատել, այլ անիկա մաս կը կազմէ մեր եկեղեցապատկան եւ դարաւոր բոլոր կալուածներուն վերատիրացման երթին, ու եթէ թրքական ատեանը ընթացք չտայ մեր պահանջին, յաջորդ քայլը պիտի ըլլայ դիմել Եւրոպական Ատեան: Ան յոյս յայտնեց, որ մեր ժողովուրդը այս քայլերուն եւս նեցուկ պիտի կանգնի նիւթապէս ու բարոյապէս, ինչպէս զօրավիգ է նախընթաց բոլոր քայլերուն: Որոշ ազգայիններ արդէն իսկ նիւթական նուիրաբերում կատարած են ու նորեր պիտի միանան այս նախաձեռնութեան: Առաջնորդ Սրբազանը աւելցուց, որ մեր Թեմը եւս մասնակցութիւն բերած է այս դատի ծախսերուն, ցարդ կաթողիկոսարան փոխանցուած է պատկառելի գումար, գոյացած՝ բարերարներու յատուկ նուիրատուութիւններէն եւ մեր ծխական շրջաններու մասնակցութենէն:
100ամեակի նախաձեռնութեանց մասին յիշեալ զեկուցումներէն ետք, Դոկտ. Տիգրան Պապիկեան հակիրճ բացատրութիւն մը տուաւ նաեւ մեր նորահաս սերունդին մօտ հայերէնի վերականգնումին նպատակով Ազգ. Առաջնորդարանի աշխատանքներուն մասին, նշելով, որ այս նպատակով կազմուած յատուկ մարմինը կազմած է մասնագիտական ծրագիր մը, որ պիտի կիրարկուի դպրոցներու եւ հիմնարկներու հետ գործակցաբար: Ծրագիրը կը կարօտի մեծ պիւտճէի, պիտի հետապնդուի հանգրուան առ հանգրուան:
Հանդիպումը վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազանին փակման խօսքով, աղօթքով ու «Պահպանիչ»ով: