Ազգ. Առաջնորդարանը Հիւրընկալեց Սուրիոյ Հայութեան Օժանդակութեան Մարմինի Ժողովը


Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան մեր գաղութի միացեալ մարմինը (SARF) Հինգշաբթի, 24 Յուլիս 2014ի երեկոյեան իր հերթական ժողովը գումարեց Արեւմտեան Թեմիս Ազգային Առաջնորդարանի յարկին տակ, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ հիւրընկալութեամբ Ազգային Առաջնորդարանին:

Առաջնորդ Սրբազանը աղօթքով կատարեց նիստին բացումը, “Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան” սրահին մէջ: Ան ողջունեց մարմինին անդամները եւ գնահատանքով արտայայտուեցաւ Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան ի խնդիր տարուած ճիգին ու աշխատանքներուն մասին:

Մարմինին ատենապետը՝ Տիար Զաւէն Խանճեան, եւ գանձապահը՝ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան յաջորդաբար ներկայացուցին SARFի աշխատանքներուն եւ նիւթական գործառնութեանց տեղեկագիրները: Տիար Խանճեան նաեւ ներկայացուց յառաջիկայ քայլերուն նախագիծը, որ քննարկման ենթարկուեցաւ ժողովականներուն կողմէ:

Ժողովին, իր սրտի խօսքը փոխանցելէ ետք, Տիար Զաւէն Խանճեան ներկայացուց այս մարմինին անդամակցութենէն իր հրաժարականը, նկատի ունենալով, որ նշանակուած է Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (AMAA) վարիչ տնօրէն եւ ի մօտոյ պիտի տեղափոխուի իր նոր պաշտօնատեղին: Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ, այս մարմինին կազմութեան օրերէն սկսեալ, Տիար Զ. Խանճեանի տարած կենսական աշխատանքին մասին եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր՝ իր նոր առաքելութեան մէջ: Ժողովականները եւս, յանուն իրենց կազմակերպութեանց, գնահատանքով եւ շնորհակալութեամբ արտայայտուեցան Տիար Խանճեանի ծառայութեանց մասին:

SARFը ձեռնարկած է նոր ատենապետի մը նշանակման աշխատանքին: Այս մասին, ատենին պիտի կատարուի պաշտօնական յայտարարութիւն:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022