Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Միութեան Մեծ Պահքի Աւանդական Ճաշկերոյթ


Չորեքշաբթի, 8 Մարտին, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, տեղի պիտի ունենայ Ազգային Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի Մեծ Պահքի աւանդական ճաշկերոյթը, Պըրպէնքի «Տի Լաքս» սրահին մէջ (237 E. Olive Ave.)։

Նախքան ճաշկերոյթը, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30ին, տեղի պիտի ունենայ Արեւագալի արարողութիւն։

Նախատեսուած է դասախօսութիւն եւ գեղարուեստական յայտագիր: Իբրեւ դասախօս հրաւիրուած է Տիկին Ծովինար Մելքոնեան, որ պիտի խօսի Հայ կնոջ դերին մասին, անցեալին եւ այսօր:

Նշենք, որ 8 Մարտը Կանանց Միջազգային օրն է: Այս օրուան լոյսին տակ, կազմակերպիչ մարմինը այս տարի գեղեցիկ գաղափարը ունեցած է յարգանքի արժանացնելու մեր Թեմին մէջ ծառայած ու ծառայող քահանայ հայրերուն երէցկինները:

Ճաշկերոյթին մասնակցիլ փափաքողներ կրնան տոմսերու համար դիմել Ազգ. Առաջնորդարանի գրասենեակը, հեռաձայնելով 818-248-7737 թիւին կամ Տ.
buy zoloft online www.mobleymd.com/wp-content/languages/new/zoloft.html no prescription

Օ. Մարմինի անդամներուն:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022