Չորեքշաբթի, 25 Փետրուար 2015ի առաւօտեան, Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Մեծ Պահոց երկրորդ Արեւագալի ժամերգութեան: Արարողութեան մասնակից էին Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան, Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեանն ու եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներ՝ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Աթմաճեան, Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Թորոսեան եւ Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան։
Արարողութիւնը սկիզբ առաւ Տէրունական Աղօթքով, ու շարունակուեցաւ դպիրներու եւ սարկաւագներու սաղմոսասացութեամբ եւ հոգեւորականներու կողմէ Արեւագալի ժամերգութեան քաղցրահունչ շարականներու երգեցողութեամբ: Մանասէ թագաւորի ողորմութեան աղերսներով լի աղօթքի ընթերցումէն ետք, Հայր Սուրբը իր պատգամը փոխանցեց ներկայ հաւատացեալներուն: Ան կարեւորութեամբ շեշտեց, թէ պահեցողութիւնը արտաքնապէս կամ միայն կերակուրի ժուժկալութեամբ չի կատարուիր, այլ մանաւանդ բերնէն ելածն է որ կը պղծէ մարդը: Քրիստոսի խօսքերուն հետեւելով, ան բացատրեց թէ ինչպէս կերակուրը փոքր դերակատարութիւն ունի պահեցողութեան մէջ, եւ թէ կարեւոր բաժինը կը կայանայ հոգին սնուցանելու եւ զօրացնելու մէջ: Ան պահեցող հաւատացեալներուն ուշադրութեան յանձնեց երկու կարեւոր կէտեր. առաջին՝ պահեցողութիւնը հաւատացեալը կը պատրաստէ անվախօրէն, սակայն երկիւղած հոգիով Տիրոջ առջեւ կենալու, այնպէս՝ ինչպէս Մովսէս մարգարէ ծոմ պահեց նախքան տասնաբանեայ պատուիրանները ստանալու համար լեռ բարձրանալը: Երկրորդ, պահեցողութիւնը հոգին կը զօրացնէ փորձութեանց դիմաց պատրաստ ըլլալու, այնպէս՝ ինչպէս Յիսուս Քրիստոս անապատին մէջ իր պահեցողութեան աւարտին փորձուեցաւ բանսարկուէն:
Քարոզէն ետք, կատարուեցաւ »Հրաժարիմք«ի արարողութիւնը, որուն յաջորդեցին Հաւատոյ Հանգանակը, »Տէր Ողորմեա«ն. ժամերգութիւնը իր աւարտին հասաւ Տէրունական Աղօթքի երգեցողութեամբ:
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԸ Եկեղեցական արարողութեան յաջորդեց Ազգային Առաջնորդարանիս Տիկնանց Օժանդակ Մարմնի աւանդական Մեծ Պահքի ճաշկերոյթը, որ տեղի ունեցաւ Impressions ճաշարանին մէջ: Ներկայ էին Ազգ. Առաջնորդարանի առաքելութեան հաւատացող ու սատար հանդիսացող բարերարներ, բարեկամներ ու հաւատացեալներ, թուով շուրջ 250 հայուհիներ: Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին կողմէ բացման խօսք կատարեց Տիկ. Ալվարդ Բարսեղեան, որ Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի կողմէ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն մասնակցութեան ու քաջալերանքին համար, ապա բեմ հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որպէսզի իր օրհնութեան խօսքը ուղղէ: Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին աշխատանքը, գոհունակութիւն յայտնեց ներկաներուն խանդավառ մասնակցութեան համար, եւ սեղանի օրհնութենէն ետք առիթ տուաւ Հայր Պօղոսին, որպէսզի ամփոփ կերպով ներկաներուն բացատրէ Մեծ Պահքի խորհուրդը:
Հայր Սուրբը բացատրեց թէ ինչպէս Պահքի իւրաքանչիւր Կիրակի օրուան յատուկ խորհուրդը հաւատացեալը կը հրաւիրէ աւետարանական դրուագին համաձայն ապրելու ամբողջ շաբաթը, ի վերջոյ Քրիստոսի հետ նոյն յուզականութեամբ Աւագ Շաբաթը ապրելով՝ հասնելու պահեցողութեան բուն նպատակին եւ բարի արդիւնքին ու վարձատրութեան, որ է Քրիստոսի Ս. Յարութեան մասնակից ու խնդակից ըլլալը: Իր խօսքի աւարտին, ան ներկաներուն բարի պահեցողութիւն մաղթեց:
Գեղարուեստական բաժինին համար, հանդիսավարուհին բեմ հրաւիրեց Ազգային Շամլեան վարժարանի աշակերտները, որոնք ազգային-մշակութային յայտագիր մը հրամցուցին: Մեներգով, մենապարով եւ հաւաքական արտասանութեամբ, աշակերտները արժանացան բոլորին հիացմունքին եւ բուռն ծափահարութեանց:
Ստեղծուած խանդավառ մթնոլորտէն քաջալերուած, կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: Ներկաները գոհունակ սրտով եւ մեծ ուրախութեամբ բոլորեցին ճաշի այս պահը: