Հինգշաբթի, 29 Նոյեմբերին, Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնավաճառ ճաշկերոյթ մը տեղի ունեցաւ Փասատինայի Pandora ճաշարանին մէջ։
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին կողմէ եւ կը վայելէր Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնը։
Ձեռնարկին ներկայ էր Փասատնիայի Ս. Սարգիս Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Խորէն Քհնյ. Պապոշեան. Տէր Հայրը սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց եւ ներկաներուն փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութեան խօսքը։
Բարի գալուստի եւ շնորհակալութեան խօսք արտասանեց Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի ատենապետուհին Տիկին Սալբի Սրուրեան։ Սրտի խօսք արտասանեց Ազգային Վարչութեան ատենապետուհին Տիկին Ռիմա Պօղոսեան։
Ճաշասրահին մէջ կը տիրէր տօնական մթնոլորտ։ Վաճառքի դրուած էին Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի անդամներուն կողմէ պատարաստուած գեղեցիկ Նոր Տարուան կապոցներ։ Ճաշի մատուցման ընթացքին ներկաները կþըմբոշխնէին Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան երաժշտութիւն։
Մթնոլորտը աւելի խանդավառուեցաւ կաղանդ պապային ներկայութեամբ։