Հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին, Հինգշաբթի,14 Դեկտեմբեր 2017ի կէսօրին, հիւրընկալութեամբ Ազգ. Առաջնորդարանի եւ գաղութի բարերարուհիներէն Տիկին Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեանի, «Glenoaks Ballroom»ի մէջ տեղի ունեցաւ Նոր Տարուան եւ Ս.
buy amoxicillin online herbalshifa.co.uk/wp-content/themes/twentytwentytwo/inc/patterns/en/amoxicillin.html no prescription
Ծննդեան աւանդական ճաշկերոյթ-տօնավաճառը։
Առաջնորդ Սրբազանին կողքին էր հիւրաբար քաղաքս գտնուող՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեան. ներկայ էին նաեւ Առաջնորդական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան, Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան, ՀՕՄի Շրջանային եւ մասնաճիւղերու անդամներ, եկեղեցիներու Տիկնանց միութեանց ներկայացուցիչներ, բարերարներ եւ մեծ թիւով տօնախմբողներ:
Բացման խօսք արտասանեց եւ հանդիսավարութիւնը կատարեց Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի անդամուհի Տիկին Սօսի Կէօքկէօզեան։ Ան Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան խորհուրդով առլեցուն բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա, հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Շահան Սրբազանը եւ Հայր Թորգոմը, որպէսզի սեղաններու օրհնութիւնը կատարեն:
Սեղաններու օրհնութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց ներկաները, բարձր գնահատեց բոլորին զօրակցութիւնը եւ յատուկ կերպով շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան հիւրընկալին՝ Տիկին Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեանին՝ իր բարի կամեցողութեան ու ազնիւ նուիրատուութեան համար, ողջունեց նաեւ ներկայութիւնը Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահան Սրբազանին, որ Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Միացեալ մարմինին՝ ՍԱՐՖի հրաւէրով կը գտնուի Լոս Անճելըս։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր նուիրական ու դժուարին առաքելութեան մէջ ուժ եւ կարողութիւն մաղթեց Շահան Սրբազանին, ապա խօսքը շարունակելով ըսաւ. «Փրկիչին Ս. Ծննդեան աւետիսի բերկրանքը արդէն իսկ կը լեցնէ մեր բոլորին ներաշխարհը։ Տօնը յիշեցում մըն է մեզի, որ Աստուած Իր անսահման սէրէն մղուած Իր Որդին աշխարհ ղրկեց։ Յիսուս ծնաւ պարզագոյն պայմաններու մէջ, խոնարհագոյն երդիքի մը տակ։ Ահա թէ ինչո՛ւ այս առիթը կը հրաւիրէ մեզ մտածելու խոնարհութեան ու հեզութեան մասին»։ Իր խօսքի աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յատուկ կերպով գնահատեց Ազգային Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը՝ իր նուիրեալ գործունէութեան համար։
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական գեղեցիկ յայտագիր մը։ Նախ ելոյթ ունեցան Ազգային Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ, որոնք նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան երգեր ու շարականներ մատուցեցին ներկաներուն, ապա տօնական պահը շարունակուեցաւ խանդավառ երգերու ունկնդրութեամբ։
Ձեռնարկի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատանքի յուշատախտակով, իսկ Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի անդամները ծաղկեփունջով պատուեցին հիւրընկալը՝ Տիկին Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեանը, որ 12,000 տոլարի նուիրատուութիւն կատարած էր։
Սրահին շուրջ հաստատուած էին կրպակներ, ուր կը վաճառուէին տօնական օրերեու յատուկ նուէրներ, մինչ կաղանդ պապան առաւել կը ջերմացնէր տօնական մթնոլորտը։ Ներկաները, Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներու ցնծութեամբ լի, կատարեցին գնումներ եւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: