Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Մարմինի Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան Ճաշկերոյթ-Տօնավաճառը


Հաւատարիմ մնալով տարիներու իր բարի աւանդութեան, Ազգային Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը Հինգշաբթի, 4 Դեկտեմբեր 2014ի կէսօրին կազմակերպեց ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներու առիթով իր տարեկան ճաշկերոյթ-տօնավաճառը, Կլենտէյլի Vertigo Event Venue սրահին մէջ:

Ձեռնարկը կը վայելէր Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը, իսկ հիւրընկալութիւնը ազնուաբար յանձն առած էր Տիկին Սիլվիա Կարապետեան։

Աւելի քան 200 տիկիններ ընդառաջած էին հրաւէրին եւ միասնաբար ապրեցան հաճելի ու տօնական մթնոլորտ մը: Հանդիսավարն էր Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի փոխ-ատենապետուհի Տիկին Վարդուկ Աւետիքեան, որ ներկաները ողջունեց Մարմինի անդամներուն անունով, ու առաջին պահէն իսկ սրահը փոխադրեց հոգեւոր մթնոլորտի մէջ, սաղմոսերգուին խօսքերը ու Ս. Ծննդեան տօնին հրեշտակներու աւետիսը յիշեցնելով: Ան մաղթեց, որ յառաջիկայ տօնական օրերուն եւ անկէ անդին, ուրախութիւնն ու երջանկութիւնը ըլլան բոլորին կեանքերուն տիրապետող:

Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը եւ տօնական օրերու բարեմաղթութիւններով ողջունեց ներկաները: “Փառք ի բարձունս” հրեշտակներու երգով՝ ան մաղթեց, որ Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան խորհուրդը մարմնաւորուի բոլորի կեանքին մէջ, մնանք հաւատացեալ քիրստոնեայ հայեր եւ խաղաղութեամբ, սիրով ու խոնարհութեամբ վարենք աստուածահաճոյ կեանք: “Թող Աստուածորդւոյն Ս. Ծնունդով մարդկութեան տրուած սիրոյ, խաղաղութեան, համեստութեան, խոնարհութեան ու հաճութեան պատգամները լիացնեն մեր հոգիներն ու կեանքերը”, շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը, միաժամանակ գնահատանք արձանագրելով Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին, այս ու նմանօրինակ ձեռնարկներու յաջող կազմակերպումին համար, շնորհակալութեան խօսք ուղղեց ներկաներուն, որոնք կը քաջալերեն այս ազնիւ աշխատանքը, եւ մասնաւորաբար գնահատեց ձեռնարկին հիւրընկալ Տիկին Սիլվիա Կարապետեանն ու բարերարները: Նշենք, որ Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը ծաղկեփունջով մը պատուեց հիւրընկալը:

Ճաշի պահը զուարթացաւ ծանօթ արուեստագէտ Րաֆֆի Քերպապեանի խանդավառ երգերով: Բնականաբար Կաղանդ Պապուկն ալ իր բաժինը բերաւ հաճելի մթնոլորտին: Այնուհետեւ, ներկաները այցելեցին կրպակները եւ գնեցին ամանորեան նուէրներ: Ստեղծուած մթնոլորտէն խանդավառուած, արձանագրուեցան նաեւ լիաբուռն նուիրատուութիւններ:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022