Չորեքշաբթի, 21 Փետրուար 2018-ին, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը ունեցաւ Մեծ Պահքի աւանդական ճաշկերոյթը՝ Կլենտէյլի «Legacy» ճաշասրահին մէջ։
Առաջնորդ Սրբազանը իր կողքին ունէր Առաջնորդական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան, Արժ. Տ. Խորէն Աւ. Քհնյ Հապէշեան, Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան ու Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան։ Ներկայ էին Ազգային Վարչութեան անդամներէն Տիկին Էլիզապէթ Պոյաճեան, Ազգային Վարչութեան անդամներու տիկիններ, Ազգ. Առաջնորդարանի բարերարներ ու բարեկամներ, ՀՕՄ-ի մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ մեր եկեղեցիներու տիկնանց միութեանց անդամներ:
Արարողութենէն առաջ, Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին կողմէ ողջոյնի խօսք արտասանեց Տիկին Մարալ Քըլըճեան, որ անդրադարձաւ Մեծ Պահքի կարեւորութեան, նշելով, որ Մեծ Պահքը ինքնահայեցողութեան ու ինքնաքննութեան կարեւոր ժամանակաշրջան մըն է, որուն ընթացքին քրիստոնեան կը փորձէ հոգին զօրացնել եւ հաւատքը ամրապնդել։
Պաշտօնական յայտագիրը սկսաւ Արեւագալի ժամերգութեամբ: Երգուեցան «Յարեւելից», «Ճգնաւորք» եւ «Լոյս» շարականները։ Ներկաները երկիւղածութեամբ եւ գուհունակութեամբ մասնակից դարձան արարողութեան:
Արարողութենէն ետք, հանդիսավարը՝ Տիկին Մարալ Քըլըճեան պահեցողութեան խորհուրդին մասին մէջբերումներ կատարեց մեր Եկեղեցւոյ սրբազան հայրերէն՝ Ս. Յովհան Ոսկեբերանէն ու Մանդակունիէն եւ նշեց, որ «Ս. հայրերու խօսքերը կարդալն ու լսելը առիթ կը հանդիսանայ լրջօրէն ըմբռնելու ճշմարիտ պահեցողութեան իմաստը»։
Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը: Ճաշի պահուն, արուեստագէտ Նեկտարին Չիլեան, քանոնի վրայ նուագով եւ երգերով՝ սրահին մէջ տարածեց հայկական երգարուեստի բոյրը: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ սրնգահար Յակոբ Սաֆարեանը։
Ճաշէն ետք, բեմ հրաւիրուեցաւ դասախօսը՝ Առաջնորդական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան։ Ան խօսեցաւ հաւատացեալի կեանքին մէջ Մեծ Պահքի կարեւորութեան մասին եւ ըսաւ. «Շեշտը ուտելիքին եւ խմելիքին վրայ պէտք չէ դնել միայն, այլ՝ զոհողութեան գիտակցութեան։ Այս ըմբռնումով կատարուող պահեցողութիւնը հոգիի աճման ու կամքի հզօրացման կ’առաջնորդէ մարդը։ Մենք հրաւիրուած ենք այս ուղղութեամբ տեսնելու պահքի արժեւորումն ու իմաստը»։
Աւարտին, փակման եւ օրհնութեան խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազանը: Ան նախ բարձր գնահատեց Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ մարմինը՝ այս ընդունելութեան կազմակերպման համար, նաեւ ներկաները՝ իրենց զօրակցութեան համար։ Ապա ան շեշտեց պահքի առընթեր աղօթքի կարեւորութիւնը, որուն շօշափելի արտայայտութիւնը պէտք է ըլլայ մեր ազնիւ ու բարի վերաբերմունքը մեր նմանին հանդէպ, առաւել եւս՝ մեր ֆիզիքական, մտային, հոգեկան ու լեզուի հաւասարակշռութիւնն ու կարգապահութիւնը։
Մթնոլորտէն քաջալերուած, ներկաներ կատարեցին սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:
Ներկաները օրուան խորհուրդներով լիցքաւորուած եւ բարեսրտութեան ոգիով տոգորուած հրաժեշտ տուին իրարու: