Լոս Անճելըս գաւառի ոստիկանապետի գրասենեակը (Sheriff Dept.) գնահատանքի ու պատիւի արժանացուց Ազգային Առաջնորդարանի բանտային ծառայութեան պատասխանատու բարեշնորհ Րաֆֆի Սրկ. Կարապետեանը, հանրային իր բազմամեայ ծառայութեան ու յատկապէս բանտարկեալներուն իր մատուցած կամաւոր սպասարկութեանց համար։
Ոստիկանապետի գրասենեակը, բանտային ծառայութիւններուն վերահսկող բաժանմունքին հետ միասին, կազմակերպած էր »Կամաւորներու գնահատման հաւաք« մը, որ տեղի կþունենար երրորդ տարին ըլլալով։ Րաֆֆի Սարկաւագ արժանացաւ յատուկ գնահատագիրի մը, ի շարս այլ կամաւոր ծառայողներու, որոնք կրօնական եւ ընկերային ծրագիրներու ճամբով օգտակար կþըլլան բանտարկեալներու։ Հիւրերուն շարքին էին ծրագիրին վարիչը՝ Քէրըն Տալթըն, ոստիականական պատասխանատուներ Ճոն Հանթըր, Քըրուին Ուոնկ, Քրիսթինա Պէյքըր, Ալեքս Կամպոա եւ կազմակերպիչ բաժանմունքներու այլ ներկայացուցիչներ։
Ազգային Առաջնորդարանի ընկերային ծառայութիւններու ծիրին մէջ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Րաֆֆի Սարկաւագը նշանակած է բանտարկեալներու ծառայութեան պատասխանատու։ Ան տարիներէ ի վեր կանոնաւորաբար եւ յօժարակամ կþայցելէ Լոս Անճելըսի շրջանի բանտերը եւ հոգեւոր սնունդ կը մատակարարէ յատկապէս հայ բանտարկեալներու։ Յիշեցնենք, որ ան երկու տարի առաջ յատուկ գնահատանքի արժանացած էր նաեւ Թեմիս Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին կողմէ։
Յայտնենք, որ Առաջնորդ Սրբազանին տնօրինումով, հայ բանտարկեալներու հոգեւոր մատակարարութեան մասնակից է Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան, որ նմանապէս տարիներէ ի վեր կþայցելէ Լոս Անճելըսի բանտերը։ Վերջերս, այս աշխատանքին միացաւ նաեւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան։