Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի «Միջերկրականի Հիւսիս-Արեւելեան Գօտիի Հայկական Համայնքներ. Մուսա Տաղ – Տէօրթ Եօլ – Քեսապ» Հատորի Ողջունահանդէս Ազգ. Առաջնորդարանին Մէջ

Հինգշաբթի, 25 Յունուար 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգ. Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի «Միջերկրականի Հիւսիս-Արեւելեան Գօտիի Հայկական Համայնքներ. Մուսա Տաղ – Տէօրթ Եօլ – Քեսապ» հատոսի ողջունահանդէսը։ Ձեռնարկը կը վայելէ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնը եւ տեղի կþունենայ կազմակերպութեամբ Ազգ. Առաջնորդարանի Մշակութային-Դաստիարակչական Յանձնախումբին։

Հատորը պիտի ներկայացնէ հեղինակը՝ Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան։

Մուտքը ազատ է։ Տեղի պիտի ունենայ գեղարուեստական յայտագիր եւ պատշաճ հիւրասիրութիւն։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022