Հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, 30 Յուլիսէն 11 Օգոստոս 2018-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ տեղի պիտի ունենայ երիտասարդական երկշաբաթեայ յատուկ խտացեալ դասընթացք մը, մասնակցութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան, Արեւելեան եւ Քանատայի թեմերէն երիտասարդներու։ Արեւմտեան մեր Թեմէն պիտի մասնակցին չորս երիտասարդներ, ուրարակիրներ՝ Կէրի Մարգարեան (Ս. Նահատակաց Եկեղեցի, Էնսինօ), Վարդան Պալթայեան (Ս. Սարգիս Եկեղեցի, Փասատինա), Հրակ Հարպոյեան (Ս. Խաչ Մայր Տաճար, Մոնթեպելլօ) եւ Մինաս Արիսեան (Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցի, Ֆրեզնօ)։
Անթիլիաս մեկնելէ առաջ, մեր Թեմի ներկայացուցիչները այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան եւ հիւրընկալուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի ու Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի կողմէ. անոնք որոշ ծանօթութիւն տուին յայտագիրին բնոյթին մասին, նաեւ ուղղեցին որոշ ցուցմունքներ, յաջողութիւն մաղթելով անոնց առաքելութեան։
Նշենք, որ դասընթացքը պիտի ընդգրկէ Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան, հաւատքի, ծէսի, միջ-կրօնական յարաբերութեան եւ երկխօսութեան առնչուած նիւթեր: Մասնակիցները առիթ պիտի ունենան հանդիպում ունենալու Ն. Ս. Օծութեան ու հոգեւոր հայրերու հետ, ինչպէս նաեւ այցելելու հոգեւոր ու ազգային կեդրոններ։