Չորեքշաբթի, 13 Ապրիլ 2016ի առաւօտուն, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան այցելեց «Արարատ» Տան Իկըլ Ռաքի կեդրոնը։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերանային Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան, Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան, Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրզեան եւ Բրշ. Խաչիկ Սրկ. Շաննագեան։
Առաջնորդ Սրբազանն ու հոգեւորականները դիմաւորուեցան հաստատութեան հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Մայքըլ Սիւրմէեանի, պատասխանատուներու եւ անձնակազմի անդամներու կողմէ։
Հաստատութեան սրահին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը Քրիստոսի Ս. Յարութեան աւետիսը փոխանցեց պատսպարեալ բնակիչներուն եւ անձնակազմի անդամներուն: Ապա, Ս. Յարութեան տօնին նուիրուած շարականներ երգուեցան, որմէ ետք կատարուեցաւ տնօրհնէք. աւարտին, ներկաները ստացան Ս. Հաղորդութիւն:
Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց անձնակազմի անդամները՝ իրենց տարած նուիրեալ ծառայութեանց համար եւ օրհնեց բնակիչներն ու բոլոր ներկաները։ Առաջնորդ Սրբազանը պատսպարեալները քաջալերեց որպէսզի ծափողջոյններով գնահատեն իրենց հոգատարներուն տարած գուրգուրանքը, իսկ անձնակազմի անդամները իրենց կարգին ծափողջոյններով ողջունեցին բնակիչները։
Արարողութեան աւարտին, ողջոյնի խօսք ուղղեց Տիար Մայքըլ Սիւրմէեան, իսկ Առաջնորդ Սրբազանը հոգաբարձութեան ատենապետին յանձնեց յուշանուէր մը։ Ապա, Առաջնորդ Սրբազանն ու հոգեւոր հայրերը այցելեցին իւրաքանչիւր պատսպարեալի սենեակ, ուր պատսպարեալներուն Ս. Հաղորդութիւն տրուեցաւ եւ օրհնութիւն ստացան։
Աւելի ուշ, «Արարատ» Տան հոգաբարձութիւնն ու անձնակազմը ճաշով հիւրասիրեցին Առաջնորդ Սրբազանն ու հոգեւոր հայրերը. մասնակից էր նաեւ հաստատութեան հոգաբարձութեան նախկին ատենապետ Տիար Յովսէփ Կանիմեան: