Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ Ազգային Վարչութեան անդամներ մօտաւորապէս ամիս մը առաջ ձեռնարկեցին ծխական շրջաններ այցելութիւններու շարքի մը, խորհրդակցութիւններ ունենալու համար ընտրեալ կազմերուն հետ, ծանօթանալու տեղւոյն աշխատանքի ընթացքին ու անմիջական ծրագիրներու։ Այցելութիւնները ցարդ ընդգրկած են Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց, Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաքելական եւ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցիները։ Այցելութիւնները պիտի շարունակուին յառաջիկայ շաբաթներուն, ընդգրկելով ծխական բոլոր շրջանները։
Այս ծիրին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանն ու Ազգ. Վարչութիւնը Երեքշաբթի, 10 Յուլիսի երեկոյեան այցելութիւն մը տուին Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցի եւ հանդիպում ունեցան հոգաբարձութեան եւ Ազգ.
buy advair online https://blackmenheal.org/wp-content/languages/new/advair.html no prescription
Երեսփոխանական Ժողովի անդամներու հետ։
Հանդիպումը առիթ էր քննարկելու հոգաբարձութեան աշխատանքներուն ընթացքն ու յառաջիկայ ծրագիրները։ Խորհրդակցութեան նիւթ եղան ծխական աշխատանքներու ընթացքին ի յայտ եկող մարտահրաւէրներն ու զանոնք դիմագրաւելու միջոցները։ Յատուկ կարեւորութեամբ վեր առնուեցան երիտասարդականի ու Կիրակնօրեայ դպրոցի ծիրերուն մէջ հոգաբարձութեան աշխատանքներն ու Ազգ. Առաջնորդարանին հետ նման դաշտերու մէջ գործակցութեան կարելիութիւնները, որոնց մասին Առաջնորդ Սրբազանն ու Ազգ. Վարչութիւնը կատարեցին որոշ թելադրանքներ՝ աշխատանքի բարելաւման միջոցներուն մասին։