Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2016ի կէսօրին, Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Սուրիոյ Հայութեան Օժանդակութեան Միացեալ Մարմինի (SARF) վարչութեան ատենապետ Տիար Րաֆֆի Քենտիրճեանի եւ գանձապահ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի, եւ անոնց հետ խորհրդակցեցաւ Մարմինի աշխատանքներուն ու յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին:
Տիար Րաֆֆի Քենտիրճեան զեկուցեց Հայաստան, Արցախ եւ Լիբանան իր այցելութեանց մասին, որուն ընթացքին, տեսակցութիւններ ունեցած էր հայրենի պետական պատասխանատուներու եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ, քննարկելով Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան վերաբերող ծրագիրներ: Հանդիպումին ընթացքին, գոհունակութիւն արձանագրուեցաւ, որ մասնաւորաբար Հալէպէն հասնող տեղեկութիւնները կը ծանրացնեն լաւատեսութեան նժարը եւ յոյս կը ներշնչեն, որ մեր համայնքի զաւակներու ապահովական եւ կենսական հարցերը դէպի բարելաւում ընթանան: Ժողովականները նաեւ յոյս յայտնեցին, որ բարեշրջական քայլերը մտնեն անվերադարձ հունի մէջ, ինչ որ համայն հայութեան դիմաց պիտի բանայ Սուրիոյ հայութեան աջակցութեան նոր փուլ մը, ուր վէրքերու ամոքումն ու վերականգնումը ըլլան հիմնական առաջադրանք:
Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց Մարմինին աշխատանքները եւ մաղթեց, որ անոր շուրջ համախմբուած մեր գաղութին ճիգերը շարունակուին վերանորոգ միասնականութեամբ: