Երեքշաբթի, 5 Դեկտեմբեր 2017-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ բացումը պիտի կատարուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ մասնակցութեամբ բոլոր Թեմերը ներկայացնող պատգամաւորներու, որոնց շարքին՝ Թեմակալ Առաջնորդներ։ Արեւմտեան մեր Թեմի պատգամաւորները, գլխաւորութեամբ Թեմիս Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի պիտի մասնակցի չորս օրերու վրայ երկարող Ազգ.
buy cipro online www.mobleymd.com/wp-content/languages/new/cipro.html no prescription
Ընդհանուր ժողովին։
Ժողովը պիտի քննարկէ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու քառամեայ տեղեկագիրները։ Ժողովի զեկուցումներու եւ քննարկումներու օրակարգին վրայ առանցքային տեղ պիտի ունենան Քրիստոնէական դաստիարակութեան, հայեցի դաստիարակութեան, երիտասարդութեան, հայ դատի, սփիւռքի ամրապնդման ու վերակազմակերպման հարցերը։ Աւարտին, Ազգային Ընդհ. Ժողովը պիտի ընտրէ Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներու անդամները։