Չորեքշաբթի, 18 Մայիս 2022-ի առաւօտեան, Ա.Մ.Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, ընկերակցութեամբ Ազգ. վարչութեան ատենապետ տիար Վահէ Յովակիմեանի եւ իր տիկնոջ՝ Յասմիկի, Վեհափառ Հայրապետին հրաւէրով մեկնեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետական Աթոռոյ կեդրոն՝ Անթիլիասի Մայրավանք, Լիբանան:
Անթիլիաս իր կեցութեան ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանը Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարէն ներս պիտի կատարէ կուսակրօն քահանայութեան ձեռնադրութիւն եւ օծում, որուն կնքահայրութեան պաշտօնը ստանձնած է Տէր եւ Տիկին Վահէ եւ Յասմիկ Յովակիմեան ամոլը: Եւս առաւել՝ անոնք Վեհափառ Հայրապետին հետ պիտի ունենան խորհրդակցական հանդիպումներ, Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմի ապագայ ծրագիրներուն գծով:
Յայտնենք, որ Առաջնորդ Սրբազանը եւ Ազգ. վարչութեան տիար ատենապետը կը վերադառնան քաղաք՝ Չորեքշաբթի, 25 Մայիս 2022-ին: