Ընդառաջելով Արարատ Տան Հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Յովսէփ Կանիմեանի հրաւէրին, Հինգշաբթի, 22 Օգոստոս 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ գտնուեցաւ հոգաբարձութեան ամսական ժողովին:
Նախքան ընթացիկ նիստի գումարումը, տեղի ունեցաւ դիւանի ժողովը եւ ապա՝ ընթրիքի հիւրասիրութիւն։ Հոգաբարձութեան անդամներուն կողքին ներկայ էին հաստատութեան գլխաւոր պատասխանատու՝ Տէրիք Ղուկասեան, հիւանդանոցի բաժնի վարիչ՝ Մարկարիթա Քէշիշեան եւ Իկըլ Ռաքի հիւանդանոցի նորանշանակ վարիչ՝ Քրիսթին Կարապետեան։
Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց բացման աղօթքը։ Տիար Կանիմեան ողջունեց Առաջնորդ Սրբազանը, ներկայացուց Իկըլ Ռաքի նոր վարիչը եւ երախտագիտութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր իր անմիջական հոգատարութեան համար։
Առաջնորդ Սրբազանը իր օրհնութիւններն ու գնահատանքը փոխանցեց բոլորին՝ իրենց անսակարկ ծառայութեան եւ մեր տարեցներուն հանդէպ ցուցաբերած ջերմ վերաբերմունքին համար, նշելով, որ ան 1982-էն սկսեալ՝ Արեւմտեան Թեմէն ներս իր ծառայութեան առաջին իսկ օրերէն, մօտ զգացած է Արարատ Տան եւ անոր ազգանուէր ծառայութեան։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ատենապետին հրաւէրին համար, շնորհաւորեց Տիկին Կարապետեանը եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց աստուածահաճոյ առաքելութեան մէջ։