Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Եղաւ ՀՕՄ-ի Հովանաւորած «Արարատ Տան» Ամսական Ճաշկերոյթին

«Արարատ Տան» Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը իւրաքանչիւր ամսուան առաջին Երեքշաբթի օր ճաշկերոյթ կը կազմակերպէ հաստատութեան «Տէօքմէճեան» սրահին մէջ։ Ըստ աւանդութեան, Յունիս ամսուան ճաշկերոյթը կը հիւրընկալէ ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը, մասնակցութեամբ ՀՕՄ-ի մասնաճիւղերու։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ճաշկերոյթին, որ տեղի ունեցաւ 4 Յունիս 2019-ին, կատարեց բացման աղօթքը եւ փոխանցեց իր օրհնութեան խօսքը։ Առաջնորդ Սրբազանին կþընկերանար Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան։

Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց եւ օրհնեց «Արարատ Տան» հոգաբարձութիւնը, տնօրէնութիւնը, պաշտօնէութիւնն ու կամաւոր ծառայողները, իրենց ցուցաբերած հոգածութեան՝ հանդէպ մեր սիրելի տարեցներուն, ինչպէս նաեւ ՀՕՄ-ի ժրաջան անդամուհիներուն, Հայաստանի, Արցախի թէ Սփիւռքի ամբողջ տարածքին մեր հայրենակիցներուն նկատմամբ իրենց մատուցած ծառայութիւններուն համար, մաղթելով յարատեւ յաջողութիւն այս օրինակելի կազմակերպութիւններուն առաքելութեան եւ աշխարհատարած գործունէութեան։

Խօսք առին նաեւ ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Տիկին Սիլվա Փոլատեան եւ Արարատ Տան Հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Յովսէփ Կանիմեան։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022