“Հայաստան” Համահայկական Հիմնադրամը յառաջիկայ Նոյեմբերին պիտի ունենայ իր տարեկան թելեթոնը, որուն պաշտօնական ընդունելութեան՝ կալային համար մեկնարկի ձեռնարկը կազմակերպած էր Հինգշաբթի, 16 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Կլենտէյլի “Ֆենիսիա” ճաշարանին մէջ: Պատւոյ հիւրն էր Արցախի փոխ վարչապետ Զօր. Արթիւր Աղաբէկեան:
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ մեկնարկի հանդիպումին եւ իր շնորհաւորական խօսքը ուղղելով՝ վերահաստատեց մեր Թեմի զօրակցութիւնը մայր հայրենիքին եւ անոր բարգաւաճման ի խնդիր տարուող աշխատանքներուն, բարձր գնահատելով այս ծիրին մէջ “Հայաստան” Համահայկական Հիմնադրամի գործունէութիւնը: Նշենք, որ Հիմնադրամի տարեկան կալա ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ 23 Նոյեմբերին։
Մեկնարկի ձեռնարկին ներկայ էին պաշտօնական եւ ներկայացուցչական դէմքեր: Խօսք առին Զօր. Ա. Աղաբէկեան, Միացեալ Նահանգներու մօտ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Տիար Ռոպէր Աւետիսեան, “Հայաստան” Հիմնադրամի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու վարիչ Տիար Սարգիս Գոթանճեան եւ Կլենտէյլի քաղաքապետ Տիար Զարեհ Սինանեան: