Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ուրբաթ, 11 Մայիս 2018-ի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Legacy Ballroom» սրահին մէջ ներկայ եղաւ ՀՕՄ-Ի «Ջաւախք» յանձնախումբի տարեկան հանգանակային ձեռնարկին եւ ուղղեց իր պատգամը։ Ձեռնարկին հասոյթը պիտի տրամադրուի Ախալցխայի երիտասարդական կեդրոնի վերակառուցման։
Ձեռնարկին, ՀՕՄ-ի Շրջ. Վարչութիւնը պատուեց ՀՕՄ-ի վաստակաշատ ու նուիրեալ անդամներէն Տիկին Հայկուշ Գեղինեան-Քոհլըրը՝ բարձր գնահատելով անոր կեանքի վաստակը եւ նուիրաբերւմը ՀՕՄ-ին ու անոր ճամբով մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին։ Մեծարեալը եղած է ՀՕՄ-ի Լոնկ Պիչի «Ծովինար» մասնաճիւղի հիմնադիրը ու տարիներ շարունակ վարած է ատենապետութիւնը։ Ան վերջերս $100,000-ի նուիրատուութիւն մը կատարած էր «Ջաւախք» հիմնադրամին, ի նպաստ Ախալցխայի յիշեալ կեդրոնին։