Ընդառաջելով «Իմաստութեան Մայր Ս. Աստուածածին-Սաժէս Հիմնարկ»ի հրաւէրին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ուրբաթ, 17 Նոյեմբեր 2017-ի երեկոյեան ներկայ եղաւ Պեվըրլի Հիլզի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ կազմակերպուած ընդունելութեան մը, որուն ընթացքին պաշտօնական հիմնադրութիւնը կատարուեցաւ հիւրընկալ կազմակերպութեան։ Ձեռնարկը կը վայելէր հովանաւորութիւնը մարոնիներու Պէյրութի Առաջնորդ Տ. Պուլոս Արք. Մաթարին, որ ներկայ էր հանդիսութեան։ Ներկայ էին մարոնի համայնքի առաջնորդ Տ. Էլիաս Եպս. Զէյտան եւ Լոս Անճելըսի մէջ Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս՝ դեսպան Ճոնի Իպրահիմ ու Տիկինը՝ Մայա։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան։
Խօսք առին Զէյտան Եպիսկոպոս, դեսպան Ճոնի Իպրահիմ եւ «Սաժէս» հիմնարկի նախագահ Ժոզէֆ Քարաքի։ Անոնք վեր առին Լիբանանի նորահաս սերունդին այս հիմնարկութեան ծառայութիւնները, որոնք կը ձգտին կերտել ապագայ Լիբանանը։ Հաղորդուեցաւ, որ նոր հիմնարկը ստեղծուած է՝ աջակցութեան ձեռք երկարելու համար Լիբանանի «Սաժէս» վարժարաններու ցանցի աշակերտներուն, ինչպէս նաեւ ամրապնդելու նախկին լիբանանցիներու եւ Լիբանանի միջեւ գործակցական կապերը։ Հիմնարկը կրթանպաստ պիտի տրամադրէ յիշեալ վարժարաններու աշակերտներուն, ամերիկեան արդի արհեստագիտութեան բարիքները պիտի տրամադրէ դպրոցներուն, ինչպէս նաեւ զարկ պիտի տայ երկու երկիրներուն միջեւ գիտութեանց ու մասնագիտական փորձառութեանց փոխանակումին։
Յայտնենք, որ Առաջնորդ Սրբազանը Կիրակի, 19 Նոյեմբերի երեկոյեան ներկայ եղաւ նաեւ Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոսին կողմէ Տ. Պուլոս Արք. Մաթարին ի պատիւ պաշտօնական ընդունելութեան մը։ Դեսպան Իպրահիմ ողջունեց Պէյրութի Առաջնորդին ներկայութիւնը, յարգանքով ու դրուատիքով արտայայտուեցաւ անոր ծառայական առաքելութեան մասին եւ բարեմաղթութիւններ փոխանցեց անոր։ Հիւր Առաջնորդը շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպանին՝ այս ընդունելութեան ու բարի մաղթանքներուն համար։ Առաջնորդ Սրբազանը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար եւ բարեմաղթութիւններ փոխանցեց հիւր Առաջնորդին։