Ընդառաջելով Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթիի հրաւէրին, Առաջնորդ Սրբազանը Հինգշաբթի, 20 Յուլիսին ներկայ եղաւ շրջանի հոգեւոր առաջնորդներու հանդիպումին, որուն հրաւիրուած էին տարբեր կրօններու հոգեւոր առաջնորդներ ու ներկայացուցիչներ։ Քաղաքապետին կողքին ներկայ էին Տէյվիտ Օքանըլ Եպիսկոպոսն ու քաղաքապետարանի միջ-կրօնական բաժանմունքի վարիչները։ Մամլոյ ասուլիսին, հրապարակուեցաւ բնակարանէ զուրկ քաղաքացիներուն քաղաքի տարածքին մնայուն բնակավայրեր ապահովելու «Days of Compassion» ծրագրին մանրամասնութիւնները։
Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանք եւ զօրակցութիւն արտայայտեց քաղաքապետութեան ծրագիրներուն։