Ուրբաթ, 10 Մարտ 2017ի երեկոյեան, Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Վարժարանի 47-րդ տարեկան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ «Մեթրոփոլ» սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի: Այս տարուան ձեռնարկը կազմակերպուած էր «Յառաջ եւ դէպի վեր» նշանաբանով:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերանային Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան եւ Ազգ. Վարչութեան անդամներէն Դոկտ. Գալուստ Յակոբեան։ Ներկայ էին դաշնակցային խորհրդարանի անդամ Էտըմ Շիֆ, գաղութի պատասխանատու մարմիններու, կրթական համակարգի ներկայացուցիչներ, Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ ծխական համայնքի ներկայացուցիչներ, բարերարներ եւ վարժարանի առաքելութեան զօրակիցներ:
Հանդիսավարին՝ Ժանէթ Շամլեանի ողջոյնի խօսքէն ետք, բացման խօսքը արտասանեց կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Լիլիան Առըճեան: Տէր Հայրը կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը: Խօսք առին խորհրդարանական Շիֆ եւ տնօրէնուհին՝ Դոկտ. Ալինէ Դուրեան: Ցուցադրուեցաւ վարժարանի կեանքը արտացոլացնող ժապաւէն մը:
Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամին մէջ կեդրոնացաւ ձեռնարկի նշանաբանին վրայ: Եսայի մարգարէի գիրքի 40-րդ գլուխի 31-րդ համարը մէջբերելով, «Անոնք արծիւներու պէս թեւերով վեր պիտի ելլեն, պիտի վազեն ու չթուլանան, պիտի քալեն ու չյոգնին», Առաջնորդ Սրբազանը յորդոր ուղղեց վարժարանի ընտանիքին, որ առաքելութիւնը շարունակէ դէպի յառաջ եւ դէպի վեր նայելով, բազուկները տարածէ արծիւի պէս, մերժէ յոգնութեան որեւէ նշան եւ ընթանայ աննկուն:
Ան շնորհաւորեց ներկաներն ու ծնողները եւ գնահատեց վարժարանի տնօրէնուհին, Ուսումնական Մարմինի անդամները, դաստիարակներն ու անձնակազմի անդամները՝ իրենց նուիրեալ ծառայութեանց համար, եւ զանոնք հրաւիրեց վարժարանի յառաջդիմութեան համար զօրավիգ ըլլալու մէկզմէկու, քաջալերել զիրար, նուաճել նոր բարձունքներ եւ նոր յաջողութիւններու հասցնել այն առաքելութիւնը, որ սկիզբ առած էր վարժարանի հիմնադիրներուն կողմէ: Ապա, օրհնեց վարժարանի հիմնադիրներուն եւ երախտաւորներուն յիշատակը: