Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Եղաւ Դոկտ. Ռուպինա Փիրումեանի «Իմ Հայրս» Հատորի Ողջունահանդէսին

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Շրջ. Վարչութեան եւ «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագրութեան, եւ կազմակերպութեամբ «Սարդարապատ» գրախանութին, Հինգշաբթի, 1 Մարտ 2018-ի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Գարամանուկեան երիտասարդական կեդրոն»ի «Իսահակ եւ Ժանէթ Գազանճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ծանօթ մտաւորական ու Հայ Դատի սպասարկու Դոկտ. Ռուբինա Փիրումեանի «Իմ հայրս՝ այր քաջութեան եւ աննկունութեան, վերապրող մը ստալինեան գուլակէն» գիրքի ողջունահանդէսը։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին եւ փոխանցեց իր պատգամը։

Հանդիսավարն էր «Ասպարէզի»ի խմբագիր Տիար Աբօ Պողիկեան, որ ողջունելէ ետք գրասէրներու ներկայութիւնն ու հատորին հրատարակութիւնը, գնահատականով մը անդրադարձաւ հեղինակին վաստակին։

Գիրքին ներկայացումը կատարեց Դոկտ. Շաքէ Քաֆթարեան. ան ընդհանուր գիծերու մէջ հարազատ պատկեր մը տուաւ բովանդակութեան ու անկէ բխող պատգամներուն մասին. հատորը խորքին մէջ հեղինակին հօր՝ Բաղդիկ Մինասեանի կեանքի պատմութիւնն է, կեանք մը, որ նուիրուած է ազգի ու հայրենիքի ծառայութեան, անցած է դառն փուլերէ, մասնաւորաբար ստալինեան հալածանքներու հետեւանքով։

Սրտի խօսք մը արտասանեց Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, որ դրուատիքով եւ գնահատանքով արտայայտուեցաւ գիրքին եւ հեղինակին մասին, մասնաւորաբար կանգ առնելով UCLA-ի անոր օրերէն ի վեր Ցեղասպանութեան մասին ուսումնասիրութեանց ու ինքնուրոյն գրականութիւն մշակելու արժանիքին վրայ։

Դոկտ. Ռուբինա Փիրումեան արտասանեց շնորհակալութեան խօսք՝ կազմակերպիչներուն եւ ներկայ գրասէրներուն, հարազատ ու առինքնող շունչով անդրադարձաւ այս հատորին պատրաստութեան մղում տուող պայմաններուն, ինչպէս նաեւ պատանութեան շրջանին իր ապրած յուզումներուն մասին։

Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազանը։ Ան նախ գնահատալից խօսքերով շնորհաւորեց Դոկտ. Փիրումեանը, եւ նշեց, որ հատորը արտայայտութիւնն է հօրը անձին, վաստակին ու աւանդին հանդէպ հեղինակին երախտագիտական զգացումներուն, լուսարձակի տակ կը բերէ անոր կեանքի ցարդ թաքուն մնացած կարգ մը ծալքերը. նկատել տուաւ, որ հեղինակը վէպ չէ գրած, թէեւ գործը ունի վիպական յղացք եւ զգացողութիւն, ցոյց կու տայ, թէ Բ. Մինասեան ու սերնդակիցները ինչպիսի՛ հաւատարմութեամբ, եւ իրենց կուսակցութեան՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան ճամբով լծուած են հայրենիքի ծառայութեան, հալածանքներ կրած՝ իրենց ազգային ուղեգիծին համար, սակայն նաեւ, ու հակառակ ծանրագոյն պայմաններէ անցնելուն՝ չեն կորսնցուցած լաւատեսութիւնը եւ անժամանցելի պատգամներ հաղորդած են իրենց զաւակներուն ու յաջորդ սերունդներուն։ Այս բոլորը ներշնչումի աղբիւր եղած են հեղինակին։ Վերջապէս, Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց Դոկտ. Ռուբինա Փիրումեանի բազմաբեղուն վաստակը, ինչպէս նաեւ դրուատական խօսք ուղղեց կազմակերպիչներուն։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022